ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄ
ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

2003ին, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը օժտուեցաւ կենսունակ, բազմահմուտ եւ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով լի առաջնորդով մը, որ շուտով խօսիլ տուաւ իրեն մասին:
ԱՄՆի արեւմտեան նահանգները կը հաշուեն շուրջ 800,000 հայութիւն, մեծաւ մասամբ՝ Հայաստանեայց առաքելական, որուն հոգեւոր առաջնորդութիւնը կը ստանձնէր Քանատայի թեմի երիտասարդ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը: Բազմաթիւ էին մարտահրաւէրները՝ նոր եկեղեցիներու կառուցում, նոր ծուխերու կազմութիւն, շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու ընդարձակում եւ արդիականացում, սուրբ գրային սերտողութիւններ, նոր յանձնախումբերու ստեղծում, արհեստավարժութեան խորացում եկեղեցւոյ ներքին (պաշտօնէութիւն, հոգեւոր դաս) եւ արտաքին կեանքերէն ներս, հայ ժողովուրդին պատիւ բերող Մայր տաճարի շինարարական ծրագիրի ամբողջացում, հայ աշակերտներու եւ ուսանողութեան մօտ հոգեւոր եւ ազգային ինքնութեան խորացում, եւ այլն:
Յովնան արք. Տէրտէրեան այս աշխատանքներէն վախցողը չէր, այլ ան կը խորհէր այսպէս. «Թող աշխատանքը ինձմէ վախնայ»: «Հոգեւորականը իր կոչումով այն մարդն է, որ կը դառնայ հովիւը իր ժողովուրդին՝ առաջնորդելու համար Քրիստոսի եկեղեցւոյ անդամները դէպի ճշմարիտ ճանապարհ, Քրիստոսի խօսքովն իսկ հաստատուած», կը հաւատայ Յովնան արքեպիսկոպոս:
«Հոգեւորականը պարտականութիւն ունի հովուելու իր զաւակները, ի մի բերելու զանոնք, խնամելու ու գուրգուրալու անոնց վրայ». («Ապրուած Կեանքի Յուշեր», էջ 88):
Արդարեւ, հարեւանցի հայեացք մը եթէ նետենք անցնող տասնամեակին վրայ, անմիջապէս պիտի համոզուինք, որ վերեւը բերուած առաջնորդի խօսքին ու գործին մէջ կայ ամբողջական համապատասխանութիւն:
Լաւ կը յիշեմ 1990ականներու սկիզբները, երբ իր երեսունները նոր թեւակոխած Յովնան եպիսկոպոս իրեն մասին խօսիլ ու գրել տուաւ՝ քանատահայ երիտաարդներու խումբեր առաջնորդելով դէպի հայրենիք, ուր անոնք ոչ միայն հոգեւոր սնունդ ստացան, այլեւ գործով օգտակար դարձան հայրենի մեր կարիքաւոր ժողովուրդին՝ յատկապէս գիւղական շրջաններու մէջ:
ԵԿԵՂԵՑԻՆ շէնքն ու կառոյները չեն միայն (անոնք նիւթեղէնն են), այլ այն հոգեւոր ու մտաւոր շէնքերն են նաեւ, որոնք կը բարձրանան մարդու միտքին, սիրտին ու հոգիին մէջ: Ամէն անգամ, երբ Լոս Անճելըսի թիւ 5 ազատուղիով կը սուրամ, սիրտս կը լեցուի հպարտութեամբ՝ ի տես այն ցուցանակին, որ կը նշէ Սուրբ Ղեւոնդ Մայր տաճարի ներկայութիւնը աջին՝ դէպի երկինք բարձրացող անոր գմբէթով, բայց ես աւելի խորութեամբ կ՛ապրիմ այն հրճուանքը, որ առաջնորդանիստ այս համալիրը ոչ միայն ամէն երեկոյ կը փայլի լուսարձակներու լոյսին տակ, այլ որ ամէն երեկոյ, հոն քանի մը յանձնախումբեր կա՛մ ժողովի մէջ են, կա՛մ խորհրդակցութեամբ տարուած են եւ կամ տարբեր

լսարաններու մէջ կը կատարուին սուրբ գրային ուսուցումներ. ըսել է, թէ ԵԿԵՂԵՑԻՆ կանգուն է նաեւ մարդոց ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ մէջ:
«Տասը տարուան ընթացքին քիչ նուաճումներ չեն կատարուած» ըսելը ճշմարիտ պատկեր մը չի տար: Խօսինք կարգ մը տուեալներով:
Արեւմտեան ԱՄՆի տարածքին կիրակնօրեայ վարժարաններու թիւը հասած է 27ի, 29 եկեղեցիներ եւ 14 ծխական առաքելութիւններ հոգեւոր սպասաւորութիւն կը կատարեն տարածաշրջանէն ներս՝ Սան Տիէկոյէն մինչեւ Արիզոնա, Նեւատայէն մինչեւ Ալասքա ու Հաուայի, 12 թեմական բաժանմունքներ լծուած են հոգեւոր, կրթադաստիարակչական ու ընկերային սպասարկութիւններու, 2013ին առաջնորդարանի հովանիին տակ սկսաւ Հայ ինքնութեան ամրապնդման ծրագիրը, որ իր առաջին յաջող քննութիւնը անցուց 2013ի Յունիս ամսուան վերջաւորութեան: Ծրագիրին շնորհիւ, շուրջ քսան երիտասարդ արեւմտեան նահանգներէն հետեւեցան հայ եւ քրիստոնէական ինքնութիւնը արմատաւորող դասընթացքներու: Դարձեալ Արեւմտեան թեմէն ներս ստեղծուեցաւ «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբը, որ կը հետապնդէ հայախօսութեան քաջալերանքը հայ ընտանիքներէ ներս, ինչպէս նաեւ հանրային եւ սեփական վարժարաններու աշակերտութեան մէջ: Առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած վերջին մարմինն է Ուսումնական խորհուրդը, բաղկացած վաստակաշատ տնօրէններէ, ուսուցիչներէ եւ կրթական ասպարէզի արհեստավարժներէ: Առաջնորդարանի կայքին
(www.armenianchurchwd.com) եւ մամուլին հետեւողները կրնան աւելի լայն պատկերացում կազմել յանձնախումբերու եւ խորհուրդներու գործունէութեանց մասին: