ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար, Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէի նախագահ Էդուարդ Նալբանդեան եւ Եւրախորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թորպէօրն Եակլընտ 21 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ բացումը կատարած են «Պայքար Եւրոպայում խտրականութեան, այլատեացութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ» բարձրաստիճան խորհրդաժողովին, որ տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէին մէջ Հայաստանի նախագահութեան ծիրին մէջ:
Խորհրդաժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ էին եւ ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ Եւրախորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Նիլս Մուիժնիքսը, Եւրախորհուրդի Տեղական եւ շրջանային իշխանութիւններու քոնկրեսի փոխնախագահ Մայքըլ Օպրայընը, ԵԱՀԿի մամլոյ ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչ Տունեա Միյատովիչը, Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի հաւասարութեան եւ խտրականութեան բացառման յանձնաժողովի անդամ Եոնաս Կունարսընը, Եւրոպայի խորհուրդի Միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու համագումարի նախագահ Ժան Մարի Հէյթտը, Արաբական Լիկայի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Ֆատել Մոհամետ Ժաուատը:
Խորհրդաժողովին մասնակցելու նպատակով Երեւան կը գտնուէին Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիրներու, ԵԽի հիմնական կառոյցներու՝ Ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ եւրոպական յանձնաժողովի, Գլխաւոր քարտուղարութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային հաստատութիւններու՝ ՄԱԿի, ԵԱՀԿի, Եւրոպական Միութեան եւ Արաբական պետութիւններու լիկայի ներկայացուցիչները:
Երեւանեան երկօրեայ խորհրդաժողովի օրակարգին վրայ են հասարակութիւնը յուզող հարցեր, ինչպէս՝ ցեղասպանութեան եւ ատելութեան խօսքի դրսեւորումները քաղաքական բանավէճի ընթացքին, քաղաքական առաջնորդներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան դերը այդ երեւոյթներուն դէմ պայքարի գործին մէջ, կանխարգիլող միջոցներու արդիւնաւէտ օգտագործումը, ցեղային կարծրատիպերու յաղթահարումը, այլատեացութեան ու անհանդուրժողականութեան դրսեւորումներու եւ ատելութեան խօսքի տարածման բացառումը եւ այլն:
«Եւրոպայի Խորհրդի Նախարարների կոմիտէում Հայաստանի նախագահութեան առաջնայնութիւններում շեշտադրուել է ռասիզմի, անհանդուրժողականութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարը: Այսօրուայ մեր խորհրդաժողովի մասնակիցների ներկայացուցչական կազմը ցոյց է տալիս, որ այս խնդիրներն արդիական են ո՛չ միայն Եւրոպայի խորհրդի տարածքում, այլեւ՝ դրա սահմաններից դուրս», խորհրդաժողովի բացման նիստին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:
«Ռասիզմի, այլատեացութեան, անհանդուրժողականութեան, ծայրայեղականութեան տարբեր դրսեւորումները նոր երեւոյթներ չեն, սակայն մեր օրերում, երբ փոփոխուել են տարածութեան ու ժամանակի ընկալումները, երբ երկրները դառնում են աւելի փոխկապակցուած, երբ տեղեկատուութիւնը համացանցի միջոցով ակնթարթային արագութեամբ հասանելի է դառնում միլիոնաւոր մարդկանց համար, այս երեւոյթների դէմ պայքարն առաւել քան կարեւոր է եւ արդիական», յայտարարած է Նալբանդեան:
«Անհանդուրժողականութիւնը եւ այլատեացութիւնը ոտնահարում են մարդկային արժանապատուութիւնը, հասարակութեան շրջանում ստեղծում թշնամու կերպար, սերմանում անվստահութիւն՝ վտանգելով մեր հասարակութիւնների ներդաշնակութիւնը: Մեր պատմութեան դառը փորձից գիտենք, որ այդ երեւոյթները կարող են յանգեցնել ատելութեան հողի վրայ յանցագործութիւնների, անգամ մարդկութեան դէմ ոճիրների», նշած է նախարար Նալբանդեան:
Ան հաստատած է, որ երեւանեան խորհրդաժողովի օրակարգին վրայ եղող հարցերը ոչ միայն այժմէական են, այլ նաեւ լուրջ մարտահրաւէրներ, որոնց գծով աշխատանքը պէտք է շարունակական ըլլայ. «Մենք պէտք է գործենք համապատասխան յայտնի ասացուածքի. «Հանդուրժողականութիւնը չի նշանակում հանդուրժել անհանդուրժելին»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.