
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Գոհաբանութեան շաբաթավերջին կայանալիք Հայ Դատի խորհրդաժողովին ընթացքին տեղի ունենալիք «Ֆիլմ եւ արուեստներ» քննարկումի խորհրդակցութեանց իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Սեպուհ Սիմոնեանը:
Սեպուհ Սիմոնեանի երաժշտական վերջին ծրագիրը «Քեփիթըլ Սիթիզ» նուագախումբն է, որուն «A Tidal Wave of Mystery» ալպոմէն Safe and Sound երգը աշխարհի տարածքին մեծ հռչակ ապահոված է ու շահած «Վիտէօ Միուզիք» մրցանակը: Անոր խումբը վերջերս վերադարձած է Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու, Եւրոպայի ու Ասիոյ զանազան երկիրներու մէջ շրջապտոյտէ մը՝ միաժամանակ մասնակցելով շարք մը բարեսիրական նպատակներով կազմակերպուող համերգներու, ամէն առիթ օգտագործելով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ աշխատանք տանելու համար:
Սուրիա ծնած ու Միացեալ Նահանգներու մէջ հասակ նետած Սեպուհ Սիմոնեանը կանուխ տարիքէն սկսած է դաշնակ նուագելու. երաժշտութեան մարզին մէջ մասնագիտացած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ: Ան 15 տարեկանին կազմած է իր առաջին նուագախումբը՝ նուագելով ու երգելով սովորաբար «Փինք Ֆլոյտ»ի երգերէն. ան իր երգերը սկսած է արտադրելու 16 տարեկանէն սկսեալ, նախ իր ննջարանին մէջ զետեղուած սաքրերով, ապա՝ երաժշտական յատուկ սենեակի մը մէջ, որ կը գտնուէր Պըրպենքի մէջ:
1990ականներու վերջաւորութեան, Սեպուհ Սիմոնեան նաեւ եղած է «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիրի օգնական:
Հայ Դատի խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Հոլիվուտի «Լոզ» պանդոկին մէջ, ի մի բերելով մեծ թիւով մտաւորականներ, արուեստագէներ, պատմագէտներ, իրաւագէտներ ու քաղաքական անձնաւորութիւններ՝ զանազան հարցերու շուրջ խորհրդակցութիւններու համար:
Մասնակցելու համար, այցելել itsmyseat.com/ancawr կայքէջը կամ դիմել (818) 500-1918 թիւին: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել
facebook.com/ANCAWesternRegion կայքէջը կամ ancawr.org կայքը: