
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, 14ամեայ Սեպուհ Օշականը Արարատ մագլցելու իր հիանալի փորձառութեան եւ իւրայատուկ տպաւորութիւններուն մասին պիտի խօսի Կլենտէյլի Հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ (222 East Harvard Street) կայանալիք ձեռնարկի մը ընթացքին: Մուտքը ազատ է:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Կլենտէյլի գրադարանի Արուեստներ եւ մշակոյթ բաժանմունքին կողմէ:
Սեպուհ Օշական, որ 13 տարեկանին իւրայատուկ առիթն ունեցած էր Արարատ մագլցելու, ներկայիս Քրեսենթա հովիտի երկրորդական վարժարանի աշակերտ է ու մաս կը կազմէ անոր ֆութպոլի «Վասըթի» խումբին: Ան անցեալ տարի շրջանաւարտ եղած էր «Շամլեան»էն, ու ֆութպոլի կողքին կը սիրէ գրել, կարդալ ու կիթառ նուագել:
«Արարատ մագլցելու փորձառութիւնս տարբեր եւ արտակարգ զգացումներ յառաջացուց մէջս: Մագլցելէ առաջ խանդավառութիւնս մեծ էր, յատկապէս, որովհետեւ մագլցելէ ետք տուն վերադառնալով՝ ընկերներուս դիմաց յոխորտալու հոյակապ առիթ պիտի ունենայի: Սակայն մագլցելու ընթացքին, ուշադրութիւնս կեդրոնացած էր միայն մագլցելու եւ յարատեւելու վրայ», կը յայտնէ Սեպուհը:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝
egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէով կամ (818) 548-3288 թիւով: