
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Nurse.com» կայքին կատարած ուսումնասիրութեան մը համաձայն՝ Սալբի Ագարակեան ընտրուած էր Քալիֆորնիոյ լաւագոյն հիւանդապահներու շարքին՝ գլխաւոր մրցանակը ստանալով կամաւոր սպասարկութեանց բաժանմունքին մէջ:
«Nurse.com»ը կազմակերպած է մեծարուող հիւանդապահներուն ի պատիւ հանդիսութին մը, որ տեղի ունեցաւ Օգոստոս 23ին, Եունիվըրսըլ քաղաքի «Եունիվըրսըլ Հիլթըն» պանդոկին մէջ:
Սալբի Ագարակեան վարիչն է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) առողջապահական համակարգի հիւանդապահներու միջազգային ծրագիրին՝ կազմակերպելով համալսարանին մէջ աւելի քան 20 երկիրներէ մասնագիտացող մօտաւորապէս 3000 հիւանդապահներու գործունէութիւնը: Ան նաեւ կը հետեւի հիւանդապահներու վարկաւորման աշխատանքին:
Նաեւ, Սալբի Ագարակեան շարք մը կազմակերպութեանց հետ Հայաստանի մէջ հաստատած է հիւանդապահներու դասաւանդման ծրագիր մը, ուրկէ ցարդ շրջանաւարտ եղած են աւելի քան 400 հիւանդապահներ:
Շնորհաւորութիւններ: