
Ճան Էմ. Ազարեանի յիշատակին հաստատուած կրթանպաստներու հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ 2013-2004 տարեշրջանին համար կրթանպաստներ հայթայթած է խումբ մը հայ ուսանողներու՝ քննելէ ետք աւելի քան 30 դիմումնագիրներ: Կրթանպաստ ստացած են Կրեկըրի Պոյաճեան, Նարեկ Իշխանեան, Անի Խաչատրեան, Իննա Միրզոյեան եւ Ռաֆայէլ Մկրտչեան:
Հիմնադրամը 1976էն ի վեր կրթանպաստներ կը տրամադրէ ամերիկահայ ուսանողներու, եւ ցարդ աւելի քան 500,000 տոլարի կրթանպաստներ տրամադրած է՝ յուսալով, որ անոնք եւս ապագային նեցուկ կը կանգնին իրենց համայնքներուն:
2014-2015 կրթական տարեշրջանի կրթանպաստներով հետաքրքրուողները կրնան այցելել
www.azariangroup.com/scholarship.html կայքէջը: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել
aazarian@azariangroup.com հասցէին կամ (201) 444-7111x 29 թիւին: