
Մահացած է Սուրիոյ Ամուտա շրջանի հայ բժիշկը, որ տեղի բնակչութեան միակ հայն էր:
Հրանդ Գարանֆիլեան՝ շրջանի միակ հայը, երկար տարիներէ ի վեր Ամուտա շրջանի հիւանդանոցին մէջ կ՛աշխատէր իբրեւ գլխաւոր բժիշկ:
Օրեր առաջ հայ բժիշկը կեանքէն հեռացաւ հիւանդութեան պատճառով, ուստի քիւրտերը երախտապարտ ըլլալով անոր երկար տարիներու ծառայութեան եւ նուուիրումին, հիւանդանոցը կոչեցին «Հրանդ Գարանֆիլեան» հիւանդանոց:
Նշենք, որ Հրանդ Գարանֆիլեան Գամիշլիի մէջ յայտնի ընտանիքի զաւակ էր: