ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի գրողներու միութիւնը Հոկտեմբեր 20-25ին պիտի ընտրէ իր նոր նախագահը: 3 Հոկտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնած է բանաստեղծ եւ գրականագէտ Արտեմ Յարութիւնեանը: Ան յայտարարած է, որ միութեան նախկին նախագահ Լեւոն Անանեանը հսկայ ժառանգութիւն ստացած էր՝ «Գրողների միութիւն» անունով: «Այդ ժառանգութեան մէջ 400 բեռ կար, որոնց գրող են ասում, իսկ այդ գրողների մի մասը հազիւ թէ ընթերցողներ ունենայ», նշած է Ա. Յարութիւնեան:
Բանաստեղծը ցաւով ըսած է, որ Գրողներու միութիւն ընդունուած մարդոց մէկ մասը չի գիտեր, թէ ինչո՛ւ կը գրէ եւ ի՛նչ արդիւնք կու տայ։ Ան այդ հանգամանքը առնչած է համաշխարհային գրականութեան մէջ Հայաստանի անունը չյիշատակուելուն։ «Լեւոն Անանեանը կարողացաւ «Գրողների միութիւն» անուան վրայից մաքրել ցեխը: Լեւոնի օրօք ջահելութիւն մտաւ այդ կառոյց, իսկ այդ ջահելների համար նոր թերթ ստեղծուեց ու նաեւ սկիզբ դրուեց քննադատութեան, ինչը շատ կարեւոր է այս ոլորտում», ըսած է բանաստեղծը:
Յարութիւնեանի համաձայն, միութեան նախագահ ըլլալու յաւակնութիւն ունին Յովիկ Հովէյեանը, Դաւիթ Մուրադեանը, Էդուարդ Միլիտոնեանը, Մերուժան Տէր Գուլանեանը: Ան թեկնածուներէն միայն մէկը կը տեսնէ այդ պաշտօնին արժանի, բայց չէ ուզած անունը յիշեց: Սակայն նշած է, որ լուրջ չի մօտենար Յովիկ Հովեյեանին ու Դաւիթ Մուրադեանին:
Արտեմ Յարութիւնեանի համաձայն, Գրողներու միութեան նախագահը պէտք է ըլլայ կիրթ մարդ, մշակութային դէմք, ունենայ գրական ժառանգութիւն եւ հասկնայ ժողովուրդին վիճակը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.