
ԹԵՀՐԱՆ.- Թեհրանի հայոց Թեմի Ազգային իշխանութեան հրաւէրով հիւրաբար Լիբանանէն Թեհրան ժամանեց Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան, Լիբանան-Իրան խորհրդարանական բարեկամական խումբի եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Յակոբ Բագրատունի: Այդ առիթով ԹՀ թեմական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ Չորեքշաբթի երեկոյեան ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ կազմակերպուած էր երեսփոխանին հետ հանդիպում մը, որուն հրաւիրուած էին Թեմական խորհուրդին կից խորհուրդներու, մարմիններու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչները:
«Հանդիպման սկզբում Թեմական խորհրդի փոխատենապետ Արա Շահնազարեանը ողջոյնի խօսք ուղղելով հիւրին նշեց, որ ԹՀԹ առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանի մտայղացմամբ եւ ազգային իշխանութեան նախաձեռնութեամբ Լիբանանից հրաւիրուել է պատգամաւոր Յակոբ Բագրատունին, որպէս դասախօս, ազգային իշխանութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուելիք երկու միջոցառումների: Ձեռնարկներից մէկը նուիրուած է հայ Մօր տարուան, որը կայանալու է Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3ին, ՀՄ «Սիփան» միութեան «Նայիրի» սրահում, իսկ միւսը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երանաշնորհ հայրապետներ՝ Զարեհ Ա. եւ Խորէն Ա. կաթողիկոսների վաճխանման 50 եւ 30ամեակներին», կը տեղեկացնէ «Ալիք» օրաթերթը:
Արա Շահնազարեան ապա հրաւիրեց հիւրը արտայայտուելու Լիբանանի եւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն՝ ի մասնաւորի հայկական համայնքներու ներկայ վիճակին մասին:
«Պատգամաւորը սկզբում բացատրութիւններ տուեց լիբանանահայ համայնքի վերաբերեալ նշելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանից բացի Պէյրութում են հաստատուած հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը եւ Հայ Աւետարանական Մերձաւոր Արեւելքի նախագահութիւնը», կը գրէ «Ալիք», աւելցնելով՝ որ, ան ապա բացատրութիւններ փոխանցեց Լիբանանի հայկական միութիւններուն եւ դպրոցներուն՝ մէկ խօսքով, լիբանանահայ համայնքի դրուածքին, ինչպէս նաեւ դժուարութիւններուն եւ նիւթական հարցերուն մասին:
Պատգամաւորը ապա հանգամանօրէն անդրադարձաւ Սուրիոյ պատերազմական վիճակին, որմէ նաեւ տուժած է Սուրիոյ հայկական համայնքը եւ աւելացուց, որ այսօրուան դրութեամբ Լիբանան ապաստանախ են 10-12 հազար սուրիահայեր եւ Լիբանանի հայ համայնքը եւ ազգային ղեկավարութիւնը կը փորձեն իրենց լաւագոյնը ի կատար ածել:
«Նա խօսեց նաեւ տարածաշրջանային իրավիճակի եւ Իսրայէլի ու գերուժերի հետապնդած նպատակների մասին եւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ սիրիահայերին զօրակցելու անհրաժեշտութեանը: Ապա ներկաներին հարցումների առիթ տրուեց: Հարցերն ընդհանրապէս առնչւում էին Լիբանանի եւ Սիրիայի համայնքների եւ ի մասնաւորի սիրիահայ համայնքին նպաստելու ինչպիսիութեանը», կը գրէ «Ալիք»:
Աւարտին, Թեմական խորհուրդի փոխատենապետը հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը արտայայտւելու: Թեմակալ առաջնորդը եւս կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Սուրիոյ համայնքի ներկայ իրավիճակին եւ կացութեան աւելացնելով, որ իրանահայութիւնը իր նպաստն է բերում սիրիահայ համայնքին: Ան իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց երեսփոխանին անոր ազգանուէր եւ եկեղեցանուէր ծաւալուն աշխատանքներուն կապակցութեամբ: