ԵՐԵՒԱՆ.– Նախագահ Սերժ Սարգսեան 4 Հոկտեմբերին այցելած է Հայաստանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմի ազգային անվտանգութեան սպառնալիքներու վերլուծութեան եւ գնահատման կեդրոն, ուր անոր ներկայացուած են կեդրոնի ձեւաւորման ուղղութեամբ ցարդ տարուած աշխատանքներն ու հետագայ ծրագիրները:
Նախագահին կ՛ընկերակցէր ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժան եւ կեդրոնի ստեղծման աջակցութիւն ցուցաբերած ռուսական «Ռոսթելեկոմ» ընկերութեան նախագահ Սերկէյ Քալուկինը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.