ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ուսման անվերջանալիութեան մասին խրատական ինչքա՜ն յօդուածներ գրուած են ցարդ: Այդ մասին ամէն կրթական մշակ, նոյնիսկ հանգստեան կոչուած ուսուցիչ ու տնօրէն, շա՜տ բան ունին ըսելիք: Հապա՜ փորձառու ծերունիներ կամ իրենց զաւակները կրթելու մտահոգութեամբ տանջուող ծնողներ, ինչքա՜ն խրատներ կը կարդան օրական, դպրոցէն փախուստ տալ փորձող իրենց երեխաներուն ըսելով, թէ՝ պարտադիր այս դպրոցին պիտի յաջորդէ կեանքի՛ դպրոցը, ուրկէ փախուստ տալը անհնարին է…
Մենք ալ, տարբեր առիթներով անդրադարձած ենք ուսման անվերջանալի ըլլալու այս երեւոյթին, մանաւանդ շեշտելով կրթօճախէն ետք բացուող կեանքի դպրոցին մէջ հասակ առնելու գաղափարը: Որովհետեւ տեսականէն գործնականի անցումը դպրոցէն ետք բացուող ժամանակաշրջանին կ՛իրագործուի անկասկած, երբ տպագիր դասագիրքին ու դաստիարակ ուսուցիչին աշխատանքը վերջ կը գտնեն, ու կեանքի դասարանները իրենց դռները կը բանան յաւերժական աշակերտներու դիմաց, որոնք մինչեւ իրենց վերջին շունչը, կեանքի փողոցներու բացօթեայ դասարաններու շարժական գրասեղաններուն ետին՝ սորվելիք ունին, եւ՝ անպայմա՛ն:
Կասկած չկայ, որ այս աշխարհի մէջ մարդիկ իրարմէ սորվելիք շա՛տ բան ունին: Միայն ուսուցիչները կամ համալսարանի դասախօսները չե՛ն, որոնք դասեր կ՛ուսուցանեն, կամ կ՛աւանդեն: Ամէն մարդ այս աշխարհի վրայ ուսուցիչ է, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ դեռ շատ երիտասարդ է, վստահաբար իր տարիքին համապատասխան փորձառութիւն ձեռք ձգած է: Ուրեմն, իր փորձառութեան հիման վրայ կրնայ ուսուցում կատարել: Ուրիշ խօսքով, այն ինչ որ ի՛նք սորված է, կրնայ ուրիշին սորվեցնել: Հանդիպած եմ դաշնամուրի դասընթացքի հետեւող աշակերտուհիի, որ միեւնոյն ժամանակ ուսուցչուհի էր, իրմէ աւելի ցած դասարանի նոյն ճիւղին հետեւող աշակերտուհիի: Պարզապէս, ան իր սորվածը ուրիշին կը փոխանցէր որոշ ժամանակ ետք, երբ ի՛նք կը տիրապետէր տրուած դասին:
Այո՛ իրարմէ սորվելիք շատ բան ունին մարդիկ այս կեանքի մէջ: Սովորական դպրոցէն, կեանքի դպրոցին տարբերութիւնը շեշտուելու սկսեր է յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, նաեւ հետեւեալ երեւոյթով: Մինչ սովորական դպրոցին մէջ ուսուցչին ու աշակերտին միջեւ տարիքային տարբերութիւնը անխուսափելի կը մնայ, այսինքն յատկապէս նախնական կրթութեան պարագային աշակերտները իրենց ուսուցիչներէն փոքր կÿըլլան տարիքով, կեանքի դպրոցին մէջ ո՛չ միայն հաւասար, այլ շրջուած ձեւով սկսեր է ներկայանալ պատկերը:
Ներկայ արհեստագիտութիւնը շատ աւելի մատչելի է մանուկներուն, քան՝ մեծերուն: Չափահասներու եւ մանուկներու տոկոսային չափերը անհամեմատելի են այս առումով: Արհեստագիտութեան մէջ մեծերը շատ բան ունին սորվելիք փոքրերէն, երբեմն մեծ հայրեր՝ իրենց թոռներէն, չըսելու համար ծնողներ՝ իրենց զաւակներէն: Կը տեսնես, որ ամէնէն սուղ բջիջային հեռաձայնը գնած մեծահասակը ո՛չ իսկ տեղեակ է գործիքին ընձեռած հնարաւորութիւններէն, եւ անոր մէկ կամ երկու առաւելութիւններուն ծանօթ է ու անոնցմէ կ՛օգտուի միայն: Մինչ երեխան, որ միայն լսած է այդ սուղ արժող հեռաձայնին մասին ու բնաւ չէ՛ գործածած զայն, հազիւ ձեռք առած, շուտով ամէն մանրամասնութիւն կը գտնէ, առաւելութիւններուն կը ծանօթանայ ակնթարթի մէջ, ու շուտով տիրապետելով անոր, կը սկսի գործիքին ընձեռած տարբեր հնարաւորութիւններուն մասին բացատրութիւններ տալ մեծերուն, թափանցելով հեռաձայնի ներքին բաժիններուն:
Հակառակ միշտ սորվելիք ունենալու մարդկային այս սովորական պահանջին, քիչ չէ՛ նաեւ թիւը անոնց, որոնք բաւարարուածութեան ամբողջական զգացումով կը յայտարարեն, թէ՝ ինչ որ մինչեւ հիմա սորված են, նոյնիսկ շա՛տ է իրենց համար: Սա կեանքի մէջ յառաջդիմելու մարդկային ներքին ձգտումը ամլացնող, կամ առնուազն նահանջի մատնող, պարտուողական քաղաքականութիւն է, որ կը հակասէ միտքի ու հոգիի բոլոր բնական թռիչքներուն: «Հոգիի բարոյական լլկում» կարելի է յորջորջել նման մօտեցում, որ կը կասեցնէ մարդու բնական ընթացքը դէպի վերելք ու բարձունք:
Մարդը միշտ աւելիի՛ն կը ձգտի: Նիւթական լաւ պայմաններ ունեցողը նոյնիսկ, աւելի՛ն կը տենչայ: Գիտութեան մէջ յառաջդիմած մարդը նոր գիւտեր կատարելու ետեւէն է ամէն օր: Ինչո՞ւ: Թող բաւարարուէր մէկ գիւտով կամ իր կատարած ներդրումով: Բայց ո՞վ կրնայ դադրեցնել գիտութեան հանդէպ սիրոյ զգացումը: Որոշ ժամանակ ետք ատիկա ո՛չ միայն հաճոյքի, այլ՝ կիրքի կը փոխակերպուի մարդուն մէջ, եւ անդիմադրելի կը դառնայ: Անտակ հոր է մարդկային միտքը ու միշտ ծարաւի՝ լոյսի ու գիտութեան: Աւելի՛ն գիտնալ, աւելի՛ն սորվիլ, աւելի՛ն հնարել, աւելի՛ն շահիլ… այսպէս անվերջանալի շարքով ան նաեւ կ՛ուզէ հասնիլ «հոգեկան աւելի»ին, Յիսուսի բառերով «առաւել կեանք»ին՝ անմահութեան…
Սորվելիքներու մասին երբ խօսուի, առհասարակ ամէն մարդ հարց կու տայ թէ ի՞նչ են այդ նիւթերը զորս պէտք է իւրացնեն մարդիկ, իբրեւ աշակերտներ այս կեանքի մէջ: Կեանքի դպրոցին ունեցած տարբերութիւնը սովորական դպրոցէն, նաեւ այս կէտին մէջ կը կայանայ: Այստեղ չկան այլեւս դասագիրքի համար նախօրօք սահմանուած նիւթեր, որոնք գլուխ առ գլուխ կը սերտուին, տարեշրջանի համար նախատեսուած պահերու ընթացքին: Այստեղ կեանքը ի՛նք կ՛որոշէ դասանիւթերը, ու ըստ այնմ կը ճշդէ անոնցմով պարապելու ժամանակը: Որոշ դասեր շատ տարիներ կը խլեն մինչեւ լաւապէս մարսուին: Իսկ ուրիշներ՝ մի քանի վայրկեանի մէջ արդէն դասաւանդուած կ՛ըլլան ու հասկնալի կը դառնան: Կեանքի դպրոցի պարագային ստացուած ապտակն ու ծեծը, սակայն, միայն լացով չեն տուգանուիր, այլ՝ երբեմն կեանքի գնով… Կեանքի դպրոցին իջեցուցած ապտակը մեր երեսին վճռական իր խօսքը կ՛ըսէ յաճախ, որուն ազդեցութեան տակէն երբեմն չեն կրնար դուրս գալ կամքի տկարութիւն ունեցողներ:
Ուսուցիչները արհամարհելու մանկական զգացումը պէտք չէ՛ կրկնուի կեանքի դպրոցին մէջ, որովհետեւ իսկապէս իմաստ չունենար այս պարագային: Այլ՝ ընդհակառակը, այստեղ պէտք է յարգուին ամէնքը, որովհետեւ ամէն մարդ ուսուցիչ է իր փորձառութեամբ: Ինչքան ալ գիտութիւն ունենաս, դարձեալ սորվելիք ունիս նոյնիսկ այնպիսի անձերէ, որոնց ունեցած գիտութիւնը անկարեւոր կը նկատես: Վստահաբար անոնք գիտեն այնպիսի բան, զոր դուն չե՛ս գիտեր, կամ կրնա՛ն սորվեցնել այնպիսի դաս, որ կարեւոր նշանակութիւն կրնայ ունենալ կեանքիդ համար:
Ծեր, երիտասարդ, այր թէ կին, մանուկ թէ պատանի, իրարու ուսուցիչ ըլլալու կոչուած են կեանքի դպրոցին մէջ: Ամէնքն ալ կը վազվզեն դասարաններուն առջեւէն, ու ամէնքն ալ միասին կը խաղան բակին մէջ: Զբօսանքի թէ դասի պահուն իրարու հետ են ամէնքը, ու միասին պիտի կիսեն նոյնիսկ օրուան մէկ պատառ հացը: Խաղի կանոնները ամէն տեղ նոյնն են: Մարդ արարածը չի՛ կրնար նոր խաղեր ստեղծել կեանքի դպրոցին մէջ: Ատիկա կեանքի իսկական Տնօրէնին՝ Աստուծոյ կողմէ սահմանուած կանոններով պէտք է ըլլայ միշտ: Այլապէս, պարտութիւնը անխուսափելի է:
Լաւ աշակերտ կ՛ուզե՞ս ըլլալ կեանքի դպրոցին մէջ, ուրեմն միշտ բաց պահէ միտքդ եւ հոգիդ ուրիշներու նկատմամբ, որովհետեւ ամէն մարդ ալ գիտութիւն ունի քեզի տալիք, իսկ դուն՝ սորվելիք ունիս, անպայմա՛ն…