«Նոր Օր» թերթին մէջ կը կարդանք, թէ ատամնաբոյժ Արման Քոթիկեան, որ մասնագիտացած է Լոս Անճելըսի եւ Միշիկընի համալսարաններուն մէջ, նաեւ մարդասիրական գործունէութիւն կը մշակէ: Արդարեւ, այս բժիշկը, որ Իրան ծնած է եւ պատանի տարիքին փոխադրուած է Ամերիկա, համալսարանը աւարտելէ ետք, երկու անգամ Հայաստան եւ Արցախ մեկնած է եւ հոն մէկ շաբաթ, օրական 15-20 ժամ, թերածիններու եւ ծնօտի հարցեր դիմագրաւողներու համար վիրաբուժութիւններ կատարելով՝ բազմաթիւ երեխաներու դէմքն ու կեանքը բարեփոխած է:
Անցեալ տարի, տոքթ. Քոթիկեան Արցախ կը գտնուէր, երբ իր մօտ բերած են 18ամեայ հայ պատանի մը, որուն ակռաները «փակուած էին», այսինքն՝ ուտել, ծամել եւ խօսիլ չէր կրնար։ Տասնութ տարեկան Աշոտ Միրզայեանը ամբողջ կեանքը ջրեղէնով ու սրսկումներով ապրած էր, իսկ ծամմուող ուտեստեղէն չէր համտեսած։ Այս պատանին գործողութեան պէտք է ենթարկուէր, սակայն Արցախի հիւանդանոցները չունէին նմանօրինակ բարդ գործողութիւն մը կատարելու պայմաններ։ Տոքթ. Քոթիկեան խոստացաւ պատանին Ամերիկա բերել եւ հոս կատարել այդ գործողութիւնը։ Միջոց մը ետք, ան սկսաւ զբաղելու Միրզայեանի հարցով. ան դիմեց Կլենտէյլ «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցի նախագահին՝ անոր օժանդակութիւնը ապահովելով. դիմեց նաեւ պատկան այլ մարմիններու եւ ձեռնարկեց դրամահաւաքի։ Այս գործողութիւնը կը կարօտէր 85 հազար տոլարի, եւ Քոթիկեան այդ դրամը գոյացուց իր ծանօթներէն ու շրջանակէն։
Սպասուած օրը հասաւ. Քոթիկեան եւ իր դարմանատան գործընկերը՝ նոյնքան երիտասարդ ու մեծահոգի ատամնաբոյժ-վիրաբոյժ Համլեթ Կարապետեանը, 9.5 ժամ գործողութիւն կատարեցին՝ Աշոտի ծնօտը շտկելու եւ ակռաները բանալու համար։
Այս գործողութեան մասնակցեցան նաեւ բժիշկներ Յասմիկ Յակոբեան, Մանուէլ Մոմճեան, Արէն Ապտուլեան, Լուսինէ Սիմոնեան, Սայիտ Սաֆարի եւ դեղագործ Ռաֆիկ Սարգիսեան, որոնք միասնական աշխատանքով ու մեծ յաջողութեամբ իրականացուցին վիրահատութիւնը։
Գործողութենէն քանի մը օր ետք, Աշոտ Միրզայեան արդէն ի վիճակի էր բերանը բանալու. ան սկսաւ ծամելու եւ բնականոն խօսելու։ Ըստ տոքթ. Քոթիկեանի՝ Աշոտ Միրզայեան այժմ Արցախ կը գտնուի ու արագօրէն կ՛ապաքինի։ Ան կանոնաւոր կերպով սնունդ կը ստանայ։ Աշոտ Միրզայեան կ՛ուզէ երգիչ դառնալ ու հարսանիքներու մէջ երգելով՝ ժողովուրդը ուրախացնել։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.