
Այս տարուան Օգոստոս 10ին, Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի նախկին սաներու եւ բարեկամներու կոկիկ թիւով խումբ մը, հասարակաց յուշերու եւ հին մտերմութիւններու վերականգնումի առիթ ընծայեց՝ ընթրիք-հաւաքով մը, որ տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի Քեսապի Ուսումնասիրաց ընկերակցութեան Ռիսիտայի սրահին մէջ:
Բաւական ատեն զիրար չտեսած դասընկերներ ու դպրոցակիցներ յայտնապէս ջերմ խռովքով կ՛ողջագուրուէին ու կը փորձէին երկար բացակայութեան անջրպետը կամրջել՝ իրենց նորութիւնները բաժնեկցելով, վաղեմի դէպքեր վերապատմելով ու անցեալէն սիրելի դէմքեր վերակենդանացնելով:
Մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը երկարող միջոցառման ներկաները, համեղ աղանդերներու եւ ճաշի կողքին, վայելեցին հայ երգ ու պարի հաճելի պահեր՝ Մուսա լերան տոհմիկ դհոլի ընկերակցութեամբ, ինչպէս եւ յանպատրաստից յուզախառն ելոյթներ՝ երբեմնի ուսուցիչներու եւ աշակերտներու կողմէ:
(Յապաղած թղթակցութիւն)