«Հայ Լեզուն Տունն Է Հայուն Աշխարհիս Չորս Ծագերուն»
Մ. Իշխանն է, որ դարձեալ կը խօսի: Բարի, զուսպ, խոհուն եւ ազնուական նոյն ձայնն է, որ անգամ մը եւս կը հնչէ, 31 տարուան հեռաւորութենէն, վերյիշեցնելու համար իր յաւիտենական ներկայութիւնը: Ընդարձակ երկխօսութեան մը մէկ մասն է ստորեւ հրամցուած հատուածը, որուն ամբողջութիւնը լոյս տեսաւ 1979ին, «Բագին» ամսագիրի 1979 տարուան հաւաքածոյին Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր ամսուան համարներուն մէջ: Ըսինք՝ «ամբողջութիւնը», առանց աւելցնելու, որ օրին հրատարակուած զրոյցը նաեւ ունէր թուղթին չյանձնուած բաժիններ, որոնք նոյնքա՛ն շահեկան են, որքան հրատարակուած էջերը: Մանաւա՛նդ յետ մահու, որովհետեւ, կանխատեսելով մեր մոխրագոյն ժամանակները, Մ. Իշխան անդրադարձած էր Սփիւռքի հայագաղութները յուզող կրթական, մշակութային եւ ազգային այլեւայլ հարցերու: Ամենայն իրատեսութեամբ եւ մտահոգութեամբ: Բարեբախտաբար կայ ձայնագրութիւնը երկու նիստով կատարուած եւ շուրջ չորս ժամերու վրայ երկարած հանդիպումին: Կը յուսանք, որ բախտաւոր օր մը, վերոնշեալ ամբողջութիւնը լոյս կը տեսնէ իր անթերի բովանդակութեամբ, միանալով մեզմէ առյաւէտ բաժնուած եւ մեր կողքին ապրող այլ տաղանդաւոր դէմքերու հետ կատարած մեր զրոյցներուն, որոնց հեղինակները իրաւունք ունին սպասելու իրենց «Դէմ առ դէմ» անտիպ հատորին:
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ.- Բանաստեղծութեան, գեղանկարչութեան, փիլիսոփայութեան, թատրոնի կամ որեւէ այլ արուեստի մասին վերջնական բնութագրում մը կարելի չէ կատարել: Որովհետեւ որքա՛ն ալ մանրամասնենք, որքա՛ն ալ հաստատ եւ օրէնքի վերածուած տեսակէտներով հիմնաւորենք մեր խօսքը, յետադարձ արագ ակնարկ մը նետելէ ետք պիտի նկատենք, որ ընդամէնը քանի մը խօսքեր ըսած ենք՝ ծովածաւալ եւ անհուն այն տիեզերքին շուրջ, որուն համար գրադարանի մը հատորներն անգամ անբաւարար կու գան: Այնուամենայնիւ, իւրաքանչիւր բանաստեղծ արուեստին կու տայ ի՛ր սահմանումը, զայն կը բանաձեւէ համաձայն իր համոզումներուն: Արդ, հարց կու տանք. «Ի՞նչ է բանաստեղծութիւնը շուրջ յիսնամեայ փորձառութիւն մը ապրած Մ. Իշխան բանաստեղծին համար»:
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ.- Ինչպէս ըսիք, բանաստեղծութեան կամ արուեստներու մասին տրուած պատասխաններն ու սահմանումները այլազան են, նայած թէ ո՛ր անկիւնէն կը դիտուի հարցը: Այլազան են, որովհետեւ բանաստեղծութիւնը ապրող մարդոց կեցուածքը կեանքին հանդէպ այլազան է: Եւ այն գրողը, որ «բանաստեղծութիւնը յաւիտենական կեանքին աւիշն է» ըսած է, սխալ դատում մը չէ կատարած: Բայց աւելի յստակացնելով՝ ես պիտի ըսէի, որ քերթուածը կեանքին յաւերժական գոյներուն անդրադարձումն ու ցոլացումն է բանաստեղծին հոգեկան աշխարհին մէջ: Որովհետեւ կեանքը՝ իր այլազան երեսներով ու երեւոյթներով, երբ կ՛անցնի մեր ջիղերէն, հակազդեցութիւն մը կը յառաջացնէ, կ՛արձագանգէ, կը զարնուի մեր հոգիին քարայրներուն, եւ այդ բախումէն ծնունդ կ՛առնէ բանաստեղծութիւնը, այդ արձագանգին ձայնը: Կան բանաստեղծներ, որոնց հոգին աւելի կ՛արձագանգէ յեղափոխական եւ ընկերային հարցերու աղմուկին, քան ուրիշի մը, որ իր աշխարհին մէջ փակուած, թերեւս ոմանց համոզումով կ՛ունենայ շատ նեղ ապրումներ, ներանձնական արձագանգներու ցոլացումներ եւ կը փորձէ բանաստեղծութեամբ արտաքնացնել զանոնք: Այս ալ խառնուածքի հետ կապուած հարց մըն է, որոշ չափով նաեւ կախում ունի միջավայրէն եւ միջավայրէն բխող ապրումներէն: Սակայն, իմ կարծիքով, բուն բանաստեղծութիւնը վերջին հաշուով ապրումն է, արձագանգն է, որքան ալ զայն լրացնելու գան օժանդակ յատկանիշներ, այսինքն՝ որոշ փիլիսոփայութիւն մը, որոշ մտածում մը, բառերու ճարտար դասաւորումով ստացուած խորհրդաւոր կամ երաժշտական տպաւորութիւններ, հակադրութիւններ, համեմատութիւններ, եւ այլն: Ես կը հաւատամ, որ ասոնք բանաստեղծութիւնը բանաստեղծութիւն դարձնելու արուեստին օժանդակներն են, իսկ հիմնական կենսանիւթը այն ապրո՛ւմն է, այն յուզո՛ւմն է, որ կեանքը կու տայ քեզի: Առանց յուզումի ես բանաստեղծութիւն չեմ կրնար ըմբռնել, հակառակ այն իրողութեան, որ ֆրանսացի եւ այլ ժողովուրդներու պատկանող կարգ մը բանաստեղծներ կը յայտարարեն, թէ զգացումը կը մեռցնէ բանաստեղծութիւնը (Փօլ Վալերի): Իմ խոր համոզումով, յուզումէ մը կամ զգացումէ մը պիտի բխի բանաստեղծութեան ժայթքը: Յետագային պիտի գայ զայն արտաքնացնելու արուեստը, որուն մէջ բառերն ալ իրենց դերը ունին, պատկերներու գիւտն ալ իր դերը ունի, երաժշտութիւնն ալ, կառոյցն ալ, թելադրականութիւնն ալ, եւ այլն: Բայց յուզումը պէտք է ըլլայ կորիզը բանաստեղծութեան: Եթէ վարակիչ դեր մը ունի՛ բանաստեղծութիւնը, եթէ կը գրեմ նախ անշուշտ քեզի համար, պարզուելու համար, նաեւ պէտք չէ մոռնալ, որ այս վարակիչ դերը ընկերային բնոյթ ունի եւ բանաստեղծութեան ընկերային դերը ա՛յն է, որ անիկա փոխանցուի ուրիշին՝ ընթերցումի կամ ունկնդրութեան միջոցաւ: Յետոյ, թերեւս դարձեալ կ՛անդրադառնամ Օշականին, երբ բառերէն կը վախնամ: Եթէ կարենամ նուազագոյն բառերով արտայայտել առաւելագոյն յուզումը՝ հոգեպէս գոհացած պիտի ըլլամ, որովհետեւ բառերը ինծի համար նպատակ չեն, թէեւ բանաստեղծութեան մէջ նպատակի վերածողներ ալ կան, որոնց համար բառերն են հիմնականը եւ բառերու դասաւորումն է, որ բանաստեղծութիւնը կը շինէ:
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ.- Այսինքն՝ չէք բաժներ տեսակէտը այն բանաստեղծներուն, որոնց համար քերթուածը նաեւ լեզուն է՝ յուզում, մտածում եւ հոգեվիճակ ըլլալով հանդերձ: Անշուշտ, լեզուին տրուած այս նախապատուութիւնը ունի հասկացողութենէն անդին անցնող համոզում մը, որ մեր մէջ եւս սկսաւ հող շահելու վաթսունական թուականներու աւարտին, երբ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ հրապարակ իջան փորձառական գրականութեան անհրաժեշտութիւնը պաշտպանող երիտասարդ բանաստեղծներ: Այս տեսակէտը պաշտպանողները կ՛աւելցնեն, որ կարելի չէ բանաստեղծութիւնը պայմանաւորել ծանօթ լեզուով մը, այսինքն՝ ուսուցողական ազդակներու հետեւանքով օրէնքի վերածուած յանգ ու հատածով եւ ոչ ալ այլ կաղապարներով: Որովհետեւ նոր փորձառութենէ մը կամ հոգեվիճակէ մը բխած քերթուածը իրեն հետ կը բերէ ի՛ր լեզուն, ի՛ր կշռոյթը:
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ.- Ճիշդ է, համաձայն եմ բոլորովին, որովհետեւ արուեստը կարելի չէ բաժնել նիւթէն: Ասիկա ընդունուած ճշմարտութիւն մըն է: Եւ բանաստեղծութիւն մը բացատրելու կամ վերլուծելու պահուն եթէ մենք կ՛ըսենք՝ «խորքը այս է, ձեւը այս է», ասիկա պարզապէս մեր մտածումները հասկնալի դարձնող ուսուցողական միջոց մըն է: Որովհետեւ ձեւն ու խորքը իրականին մէջ կը նոյնանան, իսկ եթէ ձեւը քիչ մը փոխես՝ խորքն ալ կը փոխուի: Իմ ըսածս ա՛յն է, որ լեզուն, զոր ապրումը իրեն հետ պիտի բերէ, կարենայ արտայայտել, արտաքնացնել ապրումը՝ առանց բառերու պաշտամունքի եւ շռայլութեան վերածուելու: Ասիկա թերեւս՝ իմ խառնուածքիս բերումով:
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ.- Իսկ կարգ մը լեզուաբաններու բացատրութեամբ՝ «լեզուի պատնէ՞շ»ը. դուք ինչպէ՞ս յաղթահարեցիք դարերու հոլովոյթին զուգահեռ բարձրացած այս արգելքը, ի՞նչ դժուարութիւններու բախեցաք:
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ.- Սկզբնական շրջանին, ամէն գրող կ՛ունենայ խարխափումներ, բայց լեզուէն աւելի՝ ասիկա ոճի, արտայայտութեան ձեւի փնտռտուքն է, եթէ լեզուն անցած է իր արեան մէջ: Կան գրողներ, որոնք մինչեւ իրենց մահը կ՛ունենան բարդ լեզու մը եւ չեն հասնիր արտայայտութեան պարզագոյն վիճակներուն: Այս ալ խառնուածքի հարց է, եւ պարապ տեղ չեն ըսած, թէ «ոճը մա՛րդն է»: Օրինակ, Օշականի լեզուն, որ բիւրեղացած, մաքրազտուած ոճ մը չէ, բարդ է, որովհետեւ իր մտածելու կերպը այդպէս է, հակառակ անոր, որ մեր լեզուին բոլոր գանձերուն տիրացած արտակարգ երեւոյթ մը կը պարզէ անիկա, բառապաշարն ալ անհունօրէն հարուստ է, բայց երբ նախադասութիւն կը կազմէ, բիւրեղացած ձեւով չի շիներ, որովհետեւ իր մտածման կերպը գալարուող, տառապագին բարդոյթներու հասնող սիստեմ մը ունի:
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ.- Անկասկած: Իւրաքանչիւր գրող կամ սերունդ պէտք է անսայ իր ներքին ձայնին: Այլապէս, ան կը դառնայ անհոգի խամաճիկ մը: Այս կապակցութեամբ, չէ՞ք կարծեր, որ աւանդական բանաստեղծութեան նուիրականացումը մերժող շարժումը, որ կը փորձուի Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, աւելի օգտակար է հայ բանաստեղծութեան, քան դասական վարպետներու հետքերով ընթացող աւանդապաշտ քերթողներուն պահպանողական կեցուածքը:
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ.- Այո, մեզմէ ետք եւ մինչեւ ձեր սերունդը սկսան գրելու այնպիսի բանաստեղծութիւններ, որոնք ընդհանուր բառով մը ներկայիս «նորարարութիւն» կ՛անուանուին: Այս բանաստեղծներուն հիմնական առաջին յատկանիշը ա՛յն է, որ յանգն ու չափը մէկ կողմ նետուած են, երկրորդ՝ պատկերներուն ճոխութիւնն է, որ երբեմն տրամաբանութենէն անդին գացող գերիրապաշտ եւ այլ հասկացողութիւններու դիմելով հանդերձ, դժուարացուցին յուզումին փոխանցումը: Հիմա, ասոնք բոլորն ալ անշուշտ ըմբռնումի եւ ժամանակի հարցեր են: Մեր օրերուն, նորարարական ձեւով գրող բանաստեղծը Զարեանն էր, բայց ըմբռնելի եւ հաղորդական:
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
ՎԱԶԳԷՆ ԵՒ ԱՆԱՀԻՏ ԳԱՍԱՊԵԱՆՆԵՐ