ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Թե-րթ».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 30 Սեպտեմբերին Հայաստանի Ազգային ժողովի քննարկման ներկայացուցած է Հայաստանի անկախութեան հռչակման 22րդ տարեդարձին առիթով համաներում յայտարարելու վերաբերող առաջարկը։
Թէեւ համաներում յայտարարելու առնչուող նախագահին առաջարկը դեռ չէ բաժնուած պատգամաւորներուն, եւ հետեւաբար, կարծիքներ ու գնահատականներ չկան, սակայն Ազգային ժողովի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան համաներում յայտարարելը կարեւոր նկատած է երկրին համար:
«Յատկապէս այն դէպքում, երբ քրէակատարողական հիմնարկներում այլեւս տեղ չկայ», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է պատգամաւորը:
Ըստ Աղուան Վարդանեանի, կան բանտարկեալներ, որոնք փոքր յանցագործութիւններ կատարած են, եւ համաներման ճշգրիտ կազմակերպման շնորհիւ անոնք կրնան համաներման արժանանալ։
«Ինչի հետեւանքով նրանք չեն մնայ կալանավայրերում եւ յետոյ հանրութեան մէջ չեն տարածի բանտի աւանդոյթները», նշած է Վարդանեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստանի մէջ կա՞ն քաղաքական բանտարկեալներ, որոնց կը վերաբերի համաներումը, դաշնակցական գործիչը պատասխանած է, որ «քաղբանտարկեալ» ձեւակերպման 5 կէտերէն միայն մէկին կը համապատասխանէ ՀԱԿի գործիչ Տիգրան Առաքելեանը, «սակայն նրա ճակատագիրը պարզ կը լինի այն բանից յետոյ, երբ մենք ծանօթանանք համաներման մասին նախագահի առաջարկութեանը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.