«Սապահ» իր Չորեքշաբթի օրուան թիւին մէջ կը գրէ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլերին գործերուն մասին հրատարակուած գիրքի մը մասին, որ արտակարգ բնոյթ ունի։
«Չեքայի Տեմիրի կողմէ 7 տարուան աշխատանքի արդիւնք է գիրքը, որ մեծահասակ է, մասնաւոր թուղթի վրայ տպուած է եւ որ ունի 65 քիլօ ծանրութիւն, այնպէս որ կրնայ փոխադրուիլ երկու հոգիի կողմէ։ Կաշիէ կողքով գիրքը կոչուած է «Սեւ-Ճերմակ՝ Արա Կիւլեր»։ Վարպետին արժանի տուրք մըն է, որ Արա Կիւլերին իսկ յուզում պատճառեց։ Գիրքին մէջ կան Արա Կիւլերի իսթանպուլեան 55 լուսանկարները, որոնք դասականացած են արդէն», կը նկարագրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.