ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 23 Սեպտեմբերին ընդունած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի խումբ մը անդամներ՝ կառոյցի նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են համահայկական խաղերու կազմակերպման եւ այդ գործընթացին մէջ Արցախի մասնակցութեան առնչուած հարցեր:
Նախագահ Սահակեան ընդգծած է. «Մենք պատրաստ ենք ըստ ամենայնի աջակցել Արցախում համահայկական խաղերի շրջանակներում որոշ մարզաձեւերի մրցումների անցկացման», աւելցնելով, որ ատիկա պիտի ըլլայ կարեւոր իրադարձութիւն հանրապետութեան մարզական եւ հասարարակական կեանքին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.