ԱԹԷՆՔ.- 17 Սեպտեմբերին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան Աթէնքի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ, Յունաստանի ՓԱՍՈՔ կուսակցութեան նախկին ղեկավար եւ նախկին վարչապետ Ճորճ Փափանտրէուի հետ:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուած հարցերն էին տնտեսական տագնապի ազդեցութիւնը աւելի լայն տարածաշրջանին վրայ, Ընկերվար միջազգայնականի շրջագիծին մէջ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր եւ Կովկասի ու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ վերջին զարգացումները:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը Ընկերվար միջազգայնականի նախագահը հրաւիրեց Հայաստան. Փափանտրէուն ընդունեց հրաւէրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ընկերվար միջազգայնականին մէջ ՀՅԴի գործօն մասնակցութեան եւ ԱՊՀի, Կովկասի եւ Սեւծովեան շրջանային յանձնախումբի ներդրումին համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.