
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Լոս Անճելըս Թայմզ» կը հաղորդէ, թէ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18ին իր մահկանացուն կնքած է բեմադրիչ, գրող եւ դերասան Ռիչըրտ Սարաֆեանը: Ան 83 տարեկան էր: Անոր ընտանիքի անդամներուն համաձայն՝ Սարաֆեան ողնաշարի կոտրուածքէն ապաքինուելու ընթացքին թոքերու բորբոքումէ տառապած է, ինչ որ մահուան պատճառը դարձած է:
Ռիչըրտ Սարաֆեան իր ասպարէզի սկզբնական շրջանին բեմադրած ած է բազմաթիւ ֆիլմեր՝ շարժապատկերի ու պատկերասփիւռի համար. անոնց շարքին էին «Կանսմոք»ի, «Պեթմեն»ի ու «Թուայլայթ Զոն»ի որոշ յայտագիրներ: Ան նաեւ դերասանութիւն ըրած է:
Ռիչըրտ Գասպարի Սարաֆեանը ծնած է 1930ի Ապրիլ 28ին, Նիւ Եորք: Քորէական պատերազմի տարիներուն ամերիկեան բանակին մէջ ծառայած Սարաֆեանը ստանձնած է լրագրողի պարտականութիւն. այդ տարիներուն իսկ ծանօթացած է ամերիկացի յայտնի բեմադրիչ Ռապըրթ Օլթմանի, որուն հետ միասին Սարաֆեան երկար ժամանակ աշխատած է: Սարաֆեան ամուսնացած է Օլթմընի քրոջ հետ եւ ունի 5 զաւակ, որոնք այժմ կ՛աշխատին շարժապատկերի բնագաւառին մէջ:
Անոր կարեւորագոյն գործը կը նկատուի 1971ին արտադրուած «Վենիշինկ Փոյնթ» ֆիլմը: