
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ (222 East Harvard Street) տեղի պիտի ունենայ Համաշխարհային Ա. պատերազմի մարտերուն մասնակցած հայկական կամաւորական գունդերուն՝ լէգէօնականներուն, նուիրուած Պոսթըն գտնուող Ամերիկայի հայկական գրադարանի եւ թանգարանի (ALMA) շրջուն ցուցահանդէսին բացումը:
Այս առիթով, նոյն նիւթին մասին պիտի դասախօսէ փրոֆ. Վահրամ Շէմմէսեան: Գրադարանի առաջին յարկին վրայ տեղադրուելիք ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Հոկտեմբեր 19: Դասախօսական եւ ցուցահանդէսին մուտքը ազատ է:
Քանի մը տարիէ ի վեր շրջող այս ցուցահանդէսը վերջին անգամ ցուցադրուած էր Պոսթընի Ֆրանսական մշակութային կեդրոնին մէջ: Փրոֆ. Վահրամ Շէմմէսեան Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի վարիչն է: Ան արժանացած է «Վարդանի Ասպետներ»ու եւ Քալիֆորնիոյ Մուսալեռ միութեան մրցանակներուն, ինչպէս նաեւ գնահատագիր մը՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանէն:
Փրոֆ. Շէմմէսեան 2010ին նաեւ Հայաստանի կառավարութեան սփիւռքի նախարարութենէն ստացած է Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան շքանշանը, Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի պաշտպանութեան եւ բարգաւաճման նպաստած աշխատանքներուն համար:
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Կլենտէյլ գրադարանի Արուեստներ եւ մշակոյթ բաժանմունքին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կողմէ ու կը վայելէ համահովանաւորութիւնը Լոս Անճելըսի միացեալ հայկական խորհուրդին ու Ամերիկայի հայկական թանգարանին:
Ցուցահանդէսը կարելի դարձած է՝ շնորհիւ Օրօրա Ատաճեան Լիմընի եւ Ճէյքըպ Ատաճեանի նուիրատուութեան, որ կատարուած է ի յիշատակ իրենց լէգէօնական հօր՝ Սերոբ Ատաճեանի, որ Մուսա Տաղի Խտրպեկ գիւղէն էր:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝
egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէով կամ (818) 548-3288 թիւով: