
Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 16ին Վրաստանի մէջ հնչեց նոր՝ 2013-2014 ուսումնական տարին ազդարարող առաջին զանգը:
Անիկա տօնական եւ ախորժալուր էր նաեւ Թիֆլիսի հայ ազգաբնակչութեան համար, որուն զաւակները կը յաճախեն հայկական դպրոց: Նոր ուսումնական տարին հանդիսաւորապէս մեկնարկեց նաեւ Թիֆլիսի թիւ 104 հայկական հանրային դպրոցէն ներս: