– Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամ զինեալներ Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12ի գիշերը ականահարած են Սղերդ նահանգի Փերվարի շրջանին մէջ նոր կառուցուող զինուորական դիրք մը եւ կարճ ժամանակով առեւանգած են նոյն վայրը գտնուող չորս աշխատաւորներ:
– Քալիֆորնիոյ խորհրդարանն ու Ծերակոյտը Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12ին վաւերացուցին նահանգին մէջ աշխատավարձի նուազագոյն ժամականը ներկայ 8էն աստիճանաբար 10 տոլարի բարձրացնելու որոշում մը: Նուազագոյն ժամականը յառաջիկայ տարուան Յուլիս 1ին 9 տոլարի պիտի բարձրանայ, իսկ Յունուար 1, 2016ին՝ 10 տոլարի: Նահանգապետ Ճերի Պրաուն հաւանաբար ստորագրէ այս օրինագիծը, որուն կ՛ընդդիմանան գործարար որոշ շրջանակներ:
– Ըստ բրիտանական «Կարտիըն» թերթին, որ տեղեկութիւնները քաղած է ամերիկեան լրտեսութեան մասին տեղեկութիւններ բացայայտած Էտուըրտ Սնոտընի տրամադրած փաստաթուղթերէն՝ Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան ծառայութիւնը ամերիկացի քաղաքացիներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցած է Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեանց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.