
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիներուն թիւը օրէ օր կը նուազի», «Հապերլեր»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ահազանգած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան:
Աթէշեան, որ Սիլվանէն է, ցաւ յայտնած է, որ ներկայիս Թուրքիոյ սահմաններէն ներս գտնուող Սասուն, Սիլվան եւ Պիթլիս բնակավայրերուն մէջ միայն տասը եկեղեցիներ մնացած են, մինչ անցեալին անոնց թիւը երկու հազարի կը հասնէր:
Աթէշեան նաեւ նշած է, որ Սասնոյ մէջ հայկական ծիսակատարութիւններ իրականացնելու շնորհիւ, Թուրքիան աւելի ազատ երկիր մը դարձած է:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը յիշած է, որ մինչեւ 1914, Թուրքիոյ մէջ կային 2170 եկեղեցիներ, սակայն ներկայիս կանգուն կը մնայ անոնցմէ միայն 45ը: