
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան այցելած է Տիարպեքիրի նահանգապետ Մուսթաֆա Ճահիտ Քըրաճ. Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11ին այս մասին հաղորդած է թրքական «Հապերլեր» կայքը:
Աթէշեան շնորհակալութիւն յայտնած է նահանգապետի հիւրընկալութեան եւ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան կազմակերպման աշխատանքներուն անոր ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Իր կարգին, Տիարպեքիրի նահանգապետը գոհունակութիւն յայտնած է հանդիպման համար:
Ինչպէս հաղորդած էինք, Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10ին, Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին նուիրուած պատարագ, որուն ներկայ էին Աթէշեան, Տիարպեքիրի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր, այլ քաղաքապետներ, ինչպէս նաեւ Ատանայի մօտ Միացեալ Նահանգներու երկրորդ հիւպատոս Ճէյմզ Մայքըլ: «Յոյս ունիմ եւ կ՛աղօթեմ, որ խաղաղութեան գործընթացը յաջողութեամբ պսակուի եւ բոլորս՝ թուրքերը, քիւրտերը, քրիստոնեաները, ալաուիները, այս երկրին մէջ ապրին խաղաղութեան մէջ», յայտնած է Աթէշեան: