ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 7-10 Սեպտեմբերին Հայաստան գտնուող Չինաստանի ազգային ազատագրական բանակի հրամանատարական հիմնարկի նախագահի տեղակալ զօր. Գոյ Եանդունի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 9 Սեպտեմբերին պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ հանդիպում ունեցած է նախարարութեան աշխատակազմի եւ ռազմական կրթութեան վարչութեան պետ Մհեր Շիրինեանի եւ պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քն-նարկուած են ռազմական կրթութեան ոլորտին մէջ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող համագործակցութեան արդի խնդիրներ եւ զարգացման հեռանկարներ:
Նոյն օրը պատուիրակութիւնը տեսակցած է նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի հետ:
Կողմերը համաձայնութիւն կայացուցած են ռազմական կրթութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան ամրապնդման գծով:
Այցելութեան ծիրին մէջ պատուիրակութեան անդամները նաեւ հանդիպում ունեցած են Չինաստանի ռազմական ուսումնական հաստատութիւններ աւարտած Հայաստանի զինուորական ծառայողներուն հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.