ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պատր Ապտելաթի յայտնեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Ազհար»ի շէյխ Ահմետ Թիպի հասցէին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի արտայայտած կեցուածքին հարցով «որոշ միջոցառումներ կը սերտէ»՝ շեշտելով, որ «անընդունելի է, որ Էրտողան Թիպի նման կրօնական հեղինակութեան մը դէմ յարձակում գործէ: Էրտողանի յայտարարութիւնները Եգիպտոսի նկատմամբ իր թշնամական կեցուածքներուն շարունակութիւնը կը նկատուին»:
Ապտելաթի սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ «Ազհար»ը միայն Եգիպտոսի չի պատկանիր, այլեւ՝ արաբական ու իսլամական աշխարհին: Ան բոլոր իսլամ կրօնաւորներուն կոչ ուղղեց դատապարտելու Էրտողանի «անպատասխանատու ընթացքը»:
«Էրտողան շրջանառութեան մէջ կը դնէ այն կարծիքը, որ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցածը զինուորական յեղաշրջում է եւ ոչ թէ ժողովրդային յեղափոխութիւն: Թրքական կողմէն Եգիպտոսի նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն անընդունելի է, եւ եգիպտական վարչակազմը անոր պիտի հակադարձէ ու Թուրքիոյ սուղ գին վճարել պիտի տայ՝ անոր վարչապետին կատարած յայտարարութիւններուն համար», ընդգծեց Ապտելաթի:
Եգիպտական դիւանագիտական աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին բացառեցին Պոլսոյ մէջ կայանալիք «Սուրիոյ բարեկամներ»ու խմբակի ժողովներուն ընթացքին Թուրքիոյ հետ երկկողմանի հաղորդակցութիւններու կարելիութիւնը՝ շեշտելով, որ «այդ ժողովները միայն Սուրիոյ տագնապի զարգացումներուն եւ անոնց վերաբերեալ շրջանային ու միջազգային կեցուածքներու քննարկումին վրայ կը կեդրոնանան»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.