
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստան յաղթանակ ապահոված է ՄԱԿի Զբօսաշրջային համաշխարհային կազմակերպութեան (UNWTO) 2013ի «Վեթթօր Կիուսթի» զբօսաշրջային պաստառներու մրցումին՝ «Եւրոպա» բաժանմունքին մէջ: Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի հանրային կապերու գրասենեակին համաձայն՝ այս լուրը պաշտօնապէս յայտարարուած է Զամպիոյ եւ Զիմպապուէի մէջ 24-29 Օգոստոսին տեղի ունեցած Զբօսաշրջային համաշխարհային կազմակերպութեան 20րդ Ընդհանուր ժողովի նստաշրջանին:
Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի եւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ ներկայացուած Հայաստանի «Քարերի Սիմֆոնիա» պաստառը լաւագոյնը նկատուած է Զբօսաշրջային համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպայի յանձնաժողովի 44 անդամ-երկիրներու մէջ:
«Վեթթօր Կիուսթի» Զբօսաշրջային պաստառներու մրցումը տեղի կ՛ունենայ երկու տարին անգամ մը:
Եւրոպայի լաւագոյն զբօսաշրջային պաստառ տիտղոսը ապացոյցն է Հայաստանի բազմաբնոյթ եւ բազմաբովանդակ զբօսաշրջութեան խթանման նպատակով առնուած բազմաթիւ քայլերու: Անիկա յատկապէս կարեւոր է Հայաստանի պատմամշակութային եւ ազգային-հոգեւոր ժառանգութիւնը համաշխարհային մակարդակի վրայ ճանաչելի դարձնելու եւ ներգնայ զբօսաշրջային հոսքը խթանելու իմաստով:
Հայաստանի «Քարերի Սիմֆոնիա» պաստառը պիտի ցուցադրուի ՄԱԿի Զբօսաշրջային համաշխարհային կազմակերպութեան մատրիտեան ղեկավարման մարմինի գրասենեակի նախասրահին մէջ եւ ելեկտրոնային տարբերակով տեղակայուած պիտի մնայ կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին վրայ՝ մինչեւ 2015 թուականին կայանալիք մրցումը: