
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ պատարագը վեհութիւն է՝ երկինքը երկրին կապող, հաւատացեալը երգակից դարձնող ոգեղէն էակներուն հետ, մանաւանդ Կոմիտասեան պատարագը, որ կը հրաւիրէ իւրաքանչիւր հաւատացեալ մասնակից դառնալու զԱստուած փառաբանելու այդ խորհուրդ խորին պահուան:
Հինգշաբթի, Օգոստոս 15ի երեկոյեան, առաջնորդարանի «Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցաւ Արեւմտեան թեմի երկսեռ դպրաց դասի երգչախումբին կողմէ պատրաստուած Կոմիտասեան Ս. պատարագի երգեցողութեան խտասալիկը:
Հանդիսութեան բացման խօսքով, Լուսի Թաշճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց Ստեփան սրկ. Կէօզումեանը, որպէսզի ներկայացնէ այս աշխատանքին նպատակն ու ընթացքը: Ան յիշեց, թէ տարիներու երազն էր այս ծրագիրը, որ իրականացած է հովանաւորութեամբ ու քաջալերանքովը առաջնորդ Տէրտէրեանին: Մէկուկէս տարուան տեւողութեամբ այս աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են առաջնորդը՝ պատարագիչի բաժինով, Արեւմտեան թեմի դպրաց դասի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Ստեփան սրկ. Կէօզումեանի, Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան՝ սարկաւագի բաժինով եւ Ալենուշ Եղնազար՝ մեներգներով: Նաեւ, այս բոլորը ի մի խմբելու, դաշանաւորելու, ձայնագրելու եւ պատրաստելու համար իր բաժինը բերած է երաժշտութեան յայտնի մասնագէտ Մաժակ Թօշիկեան:
Ներկաները նաեւ առիթ ունեցաւ բաժին առ բաժին ունկնդրելու պատարագէն մասեր՝ իրապէս ապրելով հոգեւոր բացառիկ պահ մը:
Իր խօսքի աւարտին, Ստեփան սրկ. Կէօզումեան իր շնորհակալական ու երախտագիտական խօսքը արտասանեց բոլորին, ապա հրաւիրեց Մաժակ Թօշիկեանը՝ իր սրտի խօսքը արտասանելու: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս գեղեցիկ առիթին համար ու մեծապէս գնահատեց բոլորին մասնակցութիւնը: Ապա, Ստեփան սրկ. Կէօզումեան հրաւիրեց սրբազան հայրը, որպէսզի իր սրտի խօսքը փոխանցէ:
Սրբազանը բարձր գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք իրենց մասնակցութեամբ, բարոյական ու նիւթական օժանդակութեամբ, այս աշխատանքը իր աւարտին հասցուցին: Ան քաջալերեց ներկաները իրենց հետ տանելու այս խտասալիկներէն օրինակներ, իբրեւ լաւագոյն նուէր, որպէսզի Հայց. եկեղեցւոյ պատարագը մուտք գործէ իւրաքանչիւր հայ ընտանիքէ ներս՝ անով Աստուծոյ օրհնութիւնը վայելելու համար: Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: