ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ

Ցոլակ Յովսէփեան ծնած է Պաղտատ, 18 Փետրուար 1918ին։ Ի՞նչ գիտնար, որ հայութեան համար ատիկա պատմական թուական մը պիտի ըլլար, քանի մը ամիս ետք, Հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը պիտի կերտէին անկախ պետութիւն, իսկ ուղիղ երեք տարի ետք, 1921ին, հայ ժողովուրդը պիտի ըլլար համայնավար բռնատիրութեան դէմ ծառացող առաջին ժողովուրդը…
Հայրը՝ Անդրանիկ, Վասպուրականէն Վաղարշապատ տեղափոխուած հայորդի մը, իր ապագայ կնոջ՝ Ատրպատականի Նախիջեւան գիւղէն Շուշանին, հանդիպած է ուխտագնացութեան մը ընթացքին. Յովսէփեանները հայութեան պարգեւած են 5 զաւակ, Բենիամինը՝ Ցոլակը, որուն մանկութիւնը անցած է Տիգրիսի ափին։ Ազգային ազատագրական պայքարի օրերուն, հայրը Թաւրիզէն Երկիր զէնքի փոխադրութեան զինուոր եղած է ու մասնակցած՝ յեղափոխական շարժումին։
Ցոլակ Յովսէփեան նախնական ուսումը ստացած է Միհրան Սվաճեանի նախակրթարանին մէջ, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Թարգմանչաց ազգ. վարժարանին մէջ, որուն ուսուցչական կազմին մաս կը կազմէին հայդուկապետ Քեռիի զինակիցներէն՝ Վարդան Իսկէնտէրեանի, փրոֆ. Գրիգոր Մարաշլեանի եւ Արսէն Կիտուրի նման դէմքեր։ Հետեւած է նաեւ Ամերիկեան երկրորդական վարժարանի դասընթացքներուն։
1935ին, անդամակցած է ՀՅԴ ուսանողական միութեան, ապա կուսակցութեան շարքերուն միացած է 1937ին։
1936ին՝ տարեշրջան մը, յաճախած է Հնդկաստանի Պոմպէյ քաղաքին մէջ գտնուող ամերիկեան Grammar School-ը:
1943ին, ծանօթ գործիչ Լեւոն փաշա Շաղոյեանի կողմէ գործուղղուած է Պարսկաստան, ուր հանդիպած է դոկտ. Պաղտիկ Մինասեանի ու Հայկակ Կոսոյեանի նման գործիչներու, բախտը ունեցած է գործելու անոնց ցուցմունքներով։ Սա այն օրերուն է, երբ խորհրդայինները թափանցած էին հիւսիսային Իրան եւ հասած՝ Թաւրիզ։ Ներկայացած է նաեւ Թաւրիզի առաջնորդ Ներսէս արք. Մելիքթանգեանի։ Մէկ ամիս մնացած է Պարսկաստան, շրջագայած՝ մինչեւ Ուրմիա տարածուող շրջանները, ապա, արկածախնդրական պայմաններու մէջ, վերադարձած է Պաղտատ։
Պատանութեան, ձեռք բերած է առանց ոսպնեակի գործող լուսանկարչական նախնական գործիք մը։
Աւելի ուշ, հմայուած է լուսանկարչութեամբ ու արհեստին ծանօթանալուն զուգահեռ, 1945ին, եղբօրը հետ միասին բացած են առաջին լուսանկարչական «սթիւտիօ»էն Studio HAS-ը՝ Պաղտատի King Faisal 2nd հրապարակին վրայ (յետագային՝ 1958ի յեղափոխութենէն ետք, անիկա վերանուանուեցաւ Wathba Square), քաջալերանք ստանալով պարսկահայ նկարիչ Սագօ Շատախունիէն, որ Պարսկաստանէն հալածական՝ պահ մը Պաղտատ եկած էր։
Յովսէփեաններու լուսանկարչատունը, Պաղտատի կեդրոնական մէկ հրապարակին վրայ, շուտով դարձած է պետական, դիւանագիտական ու այլ ականաւոր մարդոց «թիրախը»։ Ցոլակ Յովսէփեան լուսանկարիչին համբաւը մագնիսացուցած է շատերը։ Եւ այդ օրէն սկսեալ, անոր լուսանկարներու դարանները սկսած են հարստանալ նշանաւոր մարդոց դիմանկարներով…
Պաղտատի լուսանկարչատունը ապրած է 27 տարի. այդ շրջանէն, Ցոլակ Յովսէփեանի կը մնան քաղցր ու լեղի յիշատակներ, նաեւ… պեխը։ Լեղի յիշատակներուն շարքին էր 1958ի յեղաշրջումին յաջորդող օրերէն միջադէպ մը. իբրեւ նախկին իշխանաւորներու բարեկամ-լուսանկարիչ, ինք ալ հետապնդման ենթարկուած է դաշնակցական դէմքերու հետ, սակայն նոր իշխանութեան մէջ ալ բարեկամներ ունենալով՝ փրկուած է բանտարկուլելէ:
Եղած է American Photographer՛s Association-ի անդամ եւ 1954ականներուն իր լուսանկարչական գործերէն մէկը լոյս տեսած է The Photographer Magazine-ի կողքին (cover page) վրայ:
1952ին գտնուած է Հալէպ, մասնակցելով ՀՄԸՄի տողանցքին: Այնտեղ հանդիպած է Հրաչ Փափազեանին, Սիմոն Վրացեանին, Ճորճ Մարտիկեանին, որ հիւրաբար ներկայ էր տողանցքին, եւ այլոց:
1945էն 1972 յաճախ մեկնած է Պէյրութ, ուր հանդիպած եւ բարեկաութիւն հաստատած է այդ օրերու գաղութի յայտնի դէմքերուն հետ, ինչպէս՝ Մովսէս Տէր Գալուստեանի, գնդապետ Տիգրան Պաղտասարեանի, Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Միհրան Թուրիկեանի (Hotel Lux), Ղազար Չարգի, Եդուարդ Տարօնեանի, Անդրանիկ Ծառուկեանի, Եդուարդ Պօյաճեանի, Պօղոս Սնապեանի, Դրոյի, Արշակ Յովհաննէսեանի, Վալադ Վալադեանի, Ռուբէն Տէր Մինասեանի, Վահէ Վահեանի, Սիմոն Սիմոնեանի, Հայկ Պալեանի, Տիգրան Ոսեանին, Պարգեւ Շիրինեանի, Տիգրան Պալեանի, Լեւոն Պէրպէրեանի, Վարդգէս Տէր Կարապետեանի, Սարգիս Զէյթլեանի, Յովհաննէս Շահինեանի (ՀՄԸՄ), եւ այլոց հետ:
Իսկ Փարիզ այցելութեան ընթացքին Ցոլակ Յովսեփեան հանդիպած է Շաւարշ Միսակեանին, Շաւարշ Նարդունիին, Հրայր Բալուլեանին:
60ական տարիներուն, Իրաքը վերիվայրումներու ենթարկող յեղաշրջական-ազգայնական իրադարձութիւնները պատճառ դարձած են, որ Ցոլակ Յովսէփեան եւս հեռանայ Պաղտատէն։ 1966ին, նախ տլղափոխուած է Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանը՝ Նիւ Եորք եւ Ուաշինկթըն, ուր վայելած է Յակոբ Խաշմանեանի եւ Յարութիւն Սերենկիւլեանի հիւրընկալութիւնը։ Ամիս մը ետք, տեղափոխուած է Քալիֆորնիա եւ հաստատուած՝ Փասատինայի շրջանը։ Այժմ կը բնակի Փասատինայի մօտակայ Մոնրովիա քաղաքը։ Քալիֆորնիա հաստատուելէ ետք, լուսանկարչական գործը շարունակած է իբրեւ ձեռնարկներու եւ ընտանեկան առիթներու լուսանկարիչ, լայն գործակցութիւն ցուցաբերած է հայկական մամուլին, մանաւանդ «Ասպարէզ» օրաթերթին, որուն պաշտօնական բայց սիրայօժար լուսանկարիչն է մինչեւ այսօր։
Ամուսնացած է 1947ին, Գոհար Սուլթանեանի հետ, Պաղտատի մէջ։ Իր բառերով՝ «երեխաներուն մայրը» իրեն պարգեւած է երկու ժառանգորդ՝ Վիգէնն ու Սարմէնը։
Պաղտատի մէջ, ուսանողական օրերէն սկսեալ, ապա նաեւ Դաշնակցութեան շարքերը անցնելէ ետք, ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ, սակայն նախընտրած է առաւելաբար գործել շուքի մէջ։
1968ին, Սարդարապատի յուշահամալիրին բացման մասին լսելով, խումբ մը ընկերներու հետ առաջին այցելութիւնը տուած է Հայաստան եւ ոսպնեակը գործի լծած՝ պատմական այդ օրերէն պատառիկներ որսալու համար։ Այնուհետեւ, ու յատկապէս Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, աւելի քան 20 անգամ այցելած է Հայաստան ու Արցախ։ Ցոլակ Յովսէփանի լուսանկարչական գործիքը ոչ միայն քայլ պահած է արդիականութեան հետ, այլ նաեւ կարելի ամէն առիթ օգտագործած է անշարժացնելու դէմքեր, դէպքեր, հայրենի բնաշխարհն ու պատմական վայրերը։ Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքեան գաղութներու, նոյն ոսպնեակը եղած է «միջնորդ», որպէսզի Ցոլակ Յովսէփեան ծանօթանայ պատմական դէմքերու, արուեստագէտներու, կուսակցական գործիչներու եւ տարբեր կալուածներու մէջ Հայ կեանքին մասնակից եղող անձնաւորութիւններու, միջազգային համբաւ շահած հայորդիներու, հայութեան բարեկամ օտարներու։
Հայկական կեանքին մէջ աւելի քան 70 տարիներու իր ներկայութիւնը, հաղորդականութեան ճամբով վաստկած բարեկամութիւնները առիթ ընծայած են անպարագիծ ծանօթութիւններու եւ փորձառութիւններու, որոնք, լուսանկարներուն կողքին, կը կազմեն գանձարան մը, արժանի՝ իր տարբեր ծալքերով թուղթին յանձնուելու, համեմուած՝ իր զուարթախոհութեամբ ու կատակներով, «հիւմըր»ով եւ ընկերասիրութեամբ:

Սիրելի Ընկեր Ցոլաք, կուզէի սկսիմ Շնորհավորելով քեզ Նուիրեալ
գործուն հանդէպ Գաղափարիդ երկար տարիներէ Ի վէր առանց
վհատելու կամ խնայելու ոեւէ բան, ՎԱՐՁՔԵՐՆԻԴ ԿԱՏԱՐ, կը
փափաքէի ներկայ ըլլամ,բայց որոշ պատճառով չ’պիտի կրնամ, կը
մաղթեմ յաջող երեկոյ,