
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».– «Ղարաբաղի Պետական երկրաբանական ծառայութեան նպատակն է հանրապետութեան պաշարները 1 միլիոն տոննա պղինձով աւելացնել», յայտարարած է ծառայութեան պետ, աշխարհագրութեան հարցերով Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի խորհրդական Գրիգորի Գաբրիէլեանցը:
«Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան դիտել տուած է, որ իրենք պղինձ կ՛որոնեն 4 շրջաններու մէջ:
Առաջին շրջանը կը տարածուի Խաչէնի ջրամբարէն մինչեւ արդէն իսկ գործող Ղաշէնի հանքավայր: Այդ ընդարձակ հատուածը կը հետազօտէ «Բէյզ Մետալս» ընկերութիւնը, որ կը պատկանի «Վալլեքս» ընկերութիւններու խումբին: Կաշէնի հանքավայրին մէջ, ուր միակ արդիւնաբերական մետաղը պղինձն է, 2012ին ձեռբերուած է 56 միլիոն թոն հանքանիւթ:
Լիարժէք թափով աշխատելու պարագային հանուած նիւթը 3.58 միլիոն թոն պէտք է ըլլայ՝ 14-15 հազար թոն պղինձի պարունակութեամբ: Հանքավայրը շուրջ 15 տարուան է:
Երկրորդ շրջանը տեղակայուած է Շահումեանի շրջանի Դալիդաղ լերան շրջակայքը: «Այստեղ մեր երկրաբանական ծառայութեան հետախուզութիւնը շատ բարձր ցուցանիշներ է ցոյց տուել», նշած է Գաբրիէլեանց:
Պղինձի որոնում կը կատարուի նաեւ երկու շրջաններու՝ Կովսականի մօտ եւ Բերձորէն մինչեւ Շալուա գետ: «Այս շրջանը եւս շատ հետաքրքրական է: Մեր ծառայութեան ռազմավարական խնդիրներից է ուսումնասիրել գերակայող հանքային հումքը, որը կարող է էապէս ազդել հանրապետութեան տնտեսական զարգացման վրայ: Նման հումք ենք համարում պղինձը: Այդ պատճառով ուժերը կենտրոնացրել ենք ուսումնասիրելու պղինձի ինչպէս արդէն յայտնի դրսեւորումները, այնպէս էլ այնպիսիք, որոնք մենք առանձին ենք յայտնաբերել», յայտարարած է Գաբրիէլեանցը:
Նշենք, որ խորհրդային տարիներուն Ղարաբաղի մէջ կազմաւորուած են Դրմբոնի, Ծաղկաշէնի (ներկայիս Կաշէնի) հանքավայրերը, ինչպէս նաեւ աւելի քան 15 պղնձի եւ պղնձաոսկիի հանքավայրեր: