ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Օգոստոս 22ին, Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հոսնի Մուպարաք բանտէն ազատ արձակուելով՝ տարուեցաւ ռազմական հիւանդանոց, որմէ ետք ան տնային կալանքի տակ պիտի մնայ, մինչեւ ամբողջանան իր դէմ բացուած դատերը:
85ամեայ Մուպարաքը կը դատուի 2011ին զինք իշխանութենէն հեռացուցած ըմբոստութեանց ընթացքին ցուցարարներու սպանութեան հարցով: Ան անցեալ տարի ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած էր, սակայն հետագային որոշուած էր դատավարութիւնը կրկնել: Նոր դատավարութիւնը սկսաւ Մայիսին, սակայն նկատի ունենալով, որ դատավարութենէն առաջ արգելափակման արտօնեալ ժամանակաշրջանը աւարտած է՝ ան ազատ արձակուեցաւ: Եգիպտոսի ընդհանուր դատախազութիւնը իր կարգին որոշեց Մուպարաքը ազատ արձակելու որոշումը չվիճարկել:
Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուր յայտնեց, որ արտակարգ դրութեան օրէնքին հիմամբ եւ երկրին մէջ ապահովութեան ու խաղաղութեան նկատմամբ նախանձախնդրութենէ մղուած՝ հրամայած է Մուպարաքի ազատ արձակումէն ետք՝ զայն տնային կալանքի տակ պահել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.