
ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».– 21 Օգոստոսին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունած է Յունաստանի «Ազատ Օր» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը: Ողջունելով հիւրը՝ նախարարը կարեւոր նկատած է «Ազատ Օր»ի գործունէութիւնը Յունաստանի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման իմաստով:
Յունաստանի մէջ հայկական մամուլին միջոցով մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման աշխատանքներուն մէջ ունեցած նշանակալի ծառայութիւններուն համար նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը պարգեւատրեց սփիւռքի նախարարութեան «Մայ-րենիի դեսպան» մետալով:
Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր պարգեւին համար՝ Հ. Յարութիւնեան նշեց, որ «Ազատ Օր»ը Եւրոպայի մէջ միակ հայկական օրաթերթն է եւ հասանելի է բոլորին:
Սրտագին Ջերմ Շնորհաւորանքս «Մայրենի Դեսպան Մետալով»Պարգեւատրումի մաղթելով
ձեզ կորով բարիգներ յառատեւելու լաւագոյնը Ս․Գործին Ի նպաստ Բովանդակ Հայ Ժողովուրդին․