
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Պաքուի գրասենեակի ներկայացուցիչները հայ գերի Յակոբ Ինջիղուլեանի հետ հանդիպում պիտի ունենան 20 Օգոստոսին՝ ժամը 16.00ին: Այս մասին գրած է day.az-ը: Յակոբ Ինջիղուլեանի եւ ԿԽՄԿի ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպման առնչութեամբ ոչ մէկ հարց կայ, յայտնած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Էլտար Սապիրօղլուն: Անոր համաձայն, գերիին հետ կը վարուին միջազգային սկզբունքներուն եւ ուխտերուն համաձայն, անոր վրայ ոչ մէկ ճնշում կայ։