ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինը իր հերթական նիստը գումարեց Զմմառու վանքին՝ Ցեղասպանութեան նահատակ երանելի Մալոյեանի անուան թանգարանին մէջ, ներկայութեամբ վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեանի:
Մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան զեկուցեց 100ամեակի աշխատանքներուն մասին, որմէ ետք գերապայծառ Մուրատեան անդրադարձաւ Զմմառու վանքի արխիւային բաժանմունքի կարեւորութեան եւ անոր կապուած ծրագիրներուն:
Զմմառի ձեռագրային եւ արխիւային բաժանմունքը յայտնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Մաշտոցի անուան մատենադարանի գիտաշխատող խումբի ուշադրութեան կեդրոնը: Արդարեւ, ներկայիս Հայաստանէն եօթը արխիւագէտ գիտաշխատողներ կ՛ուսումնասիրեն եւ կը դասաւորեն Զմմառու արխիւները:
Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան յառաջիկայ տարի Զմմառու վանքին մէջ Ցեղասպանութեան վերաբերող արխիւներու ներկայացման եւ գիտական զեկուցումներու կազմակերպման հնարաւորութիւններուն վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.