
ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 14ին, Եգիպտոսի նախագահութիւնը երկիրի տարածքին մէկ ամիս տեւողութեամբ արտակարգ դրութիւն մը յայտարարեց եւ բանակն ու ոստիկանութիւնը լիազօրեց՝ ապահովութիւնը եւ կարգն ու կանոնը վերականգնելու համար միջոցառումներ որդեգրելու:
Այս յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, ապահովական ուժերը սկսան բանակին կողմէ իր պաշտօնէն հեռացուած նախագահ Մուհամմատ Մուրսիի համակիրներու նստացոյցերը ցրուելու արիւնալի գործողութեան, որուն ընթացքին տեղի ունեցած բախումներէն առնուազն 149 զոհ արձանագրուեցաւ եւ վիրաւորուեցան մօտաւորապէս հազար ուրիշներ:
Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ հաղորդեց, թէ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է 543 անձեր:
Յատկանշական է, որ «Իսլամ եղբայրներ»ը մէկ օր առաջ պատրաստակամութիւն յայտնած էին երկիրի քաղաքական տագնապին լուծման համար «Ազհար»ի միջնորդութեամբ բանակցութեանց մասնակցելու, «սահմանադրական օրինականութիւնը վերականգնելու» նպատակով: