ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ալէն Եկիկեանի եւ Սօսէ Թոմասեան-Եկիկեանի բարեկամներն ու ընտանիքները Երեքշաբթի, Օգոստոս 13ին տեղեկացուցին, թէ Սօսէի Եւ Ալէնի ժառանգութեան հիմնարկի համացանցային կայքը հաստատուած է արդէն, անոնց ամուսնութեան առաջին տարեդարձին առիթով, որ Օգոստոս 11ին էր:
Հիմնարկը հաստատուած էր ի յիշատակ Ալէն Եկիկեանի եւ անոր կնոջ՝ Սօսէ Թոմասեան-Եկիկեանի, որոնք Մայիս 10ին, Հայաստանէն Վրաստան ճամբուն վրայ ինքնաշարժի ահաւոր արկածի մը զոհը գացին:
«Սօսէն եւ Ալէնը իրենց կեանքը ապրեցան խանդավառութեամբ ու անձնազոհութեամբ՝ բազմաթիւ անձերու կեանքներուն մէջ իրենց դրոշմը դնելով: Հիմնարկը նոյն ոգիով եւ որակով պիտի շարունակէ անոնց սկսած աշխատանքը, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ», կը յայտնէ հիմնադրամի ատենապետ Վաչէ Թոմասեան:
Սօսէի եւ Ալէնի ժառանգութեան հիմնարկին նպատակն է հայրենադարձ այս զոյգի երազներուն մէկ մասը իրականացնել՝ նեցուկ կանգնելով Հայաստանն ու Սփիւռքը կամրջելու նպաստող ծրագիրներուն կամ նոր ծրագիրներ յառաջ մղելով: Յատուկ կարեւորութիւն պիտի տրուի կրթական, հայրենադարձութեան եւ կամաւոր աշխատանքի ծրագիրներուն:
Սօսէի Եւ Ալէնի ժառանգութեան հիմնարկի կայքին հասցէն է՝ www.SoseandAllen.com, որուն միջոցաւ կարելի է նուիրատուութիւններ կատարել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.