
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Կրօնական ժողովը իր հերթական ժողովը գումարեց Երեքշաբթի, Օգոստոս 6ին, կէսօրէն առաջ ժամը 11ին, Ազգ. առաջնորդարանին մէջ։ Ժողովին, Կրօնական ժողովի անդամներուն կողքին մասնակցեցան թեմիս Հարաւային Քալիֆորնիոյ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները։
Բացման հաւաքական աղօթքէն ետք, առաջնորդ սրբազանը ողջունեց ծխական երեք շրջաններու հովուական պաշտօններու կոչուած հոգեւոր հայրերը՝ անոնց մաղթելով բարի եւ արդիւնաշատ ծառայութիւն իրենց նոր առաքելութեան մէջ։ Այսպէս՝ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան կոչուած է Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչի պաշտօնին, Գարեգին քհնյ. Պետուրեան նշանակուած է Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, իսկ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։
Ժողովը այնուհետեւ քննարկեց կրօնական, վարչական, դաստիարակչական եւ կազմակերպչական հարցեր։
Ժողովը նկատի առաւ ընթացիկ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ՝ յառաջիկայ շաբաթներուն տեղի ունենալիք եկեղեցական, ազգային տօնակատարութեանց եւ կազմակերպչական հոգեւոր աշխատանքները, ապա տուաւ համապատասխան որոշումներ։ Որոշուեցաւ ամառնային արձակուրդէն ետք, վերանորոգ հոգիով եւ խանդավառութեամբ, Սեպտեմբերի առաջին շաբաթէն սկսկեալ ծխական եկեղեցիներէն ներս վերսկսիլ Սուրբ Գրային սերտողութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ «Լուսաւորի»չ երգչախումբի փորձերուն, զօրավիգ կանգնիլ ամէնօրեայ ազգային վարժարաններուն ու Կիրակնօրեայ դպրոցներուն, եւ վերամուտի առթիւ մասնակցիլ 2013-2014 ուսումնական տարեշրջանի բացման արարողութիւններուն։ Յատուկ կարեւորութիւն պիտի ստանան նաեւ երիտասարդական միութեանց աշխատանքները։
Պօղոս եւ Գարեգին քահանաները եւս թեմական տարածքով մասնակցութիւն պիտի բերեն Ս. Գրային սերտողութեան եւ երգչախումբի աշխատանքներուն։
Հաւաքական ճաշէն ետք, յիշատակի լուսանկարով աւարտեցաւ ժողովը՝ յետմիջօրէին ժամը 1:30ին։