
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ իրաւաբանական միութեան նախաձեռնութեամբ, Ուրբաթ, Օգոստոս 9ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ ընկերային հաւաք մը՝ «Ամառնային երեկոյ՝ աստղերու տակ» խորագիրով:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին տանիքը գտնուող «Սթարտասաթ» սրահին մէջ (9876 Wilshire Blvd., Beverly Hills, CA, 90210):
Մասնակցութեան սակը 35 տոլար է միութեան անդամներուն համար, իսկ ոչ անդամներու պարագային՝ 40 տոլար, եւ ուսանողներու համար՝ 20 տոլար: Այդ օրը միութեան անդամագրուողներուն համար, ձեռնարկին մասնակցութիւնը ձրի պիտի ըլլայ:
Ձեռնարկին համահովանաւորողն է «Ուելզ Ֆարկօ» դրամատունը: