
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրքիոյ ցամաքային ուժերու հրամանատար նշանակուած զօրավարը Հայկական Հարցի «մասնագէտ» մըն է. Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7ին այս մասին հաղորդեցին թրքական աղբիւրներ:
Արդարեւ, Օգոստոս 3ին, Թուրքիոյ Զինուորական գերագոյն խորհուրդին կողմէ ցամաքային ուժերու հրամանատար նշանակուած զօր. Հուլուսի Աքար, «Պողազիչի» համալսարանին մէջ դոկտորի տիտղոսին արժանացած է՝ ուսումնասիրելով Հայկական Հարցը ու կեդրոնանալով յատկապէս այն ազդեցութեան վրայ, զոր Միացեալ Նահանգներու հայկական լոպին կ՛ունենայ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն վրայ։ Այս նիւթերուն շուրջ ան հեղինակ է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու եւ տեղեկագիրներու։
Զօր. Աքարի, ըստ տարաձայնուող տեղեկութիւններուն, 2015ին կրնայ նշանակուիլ Թուրքիոյ զինուորական ուժերու սպայակոյտի պետ: