ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Գիրքերու առուծախը յեղափոխած եւ ապա համացանցի միջոցով առեւտուրը զգալիօրէն զարգացուցած «Ամազոն» կայքի հիմնադիր Ճեֆ Պեզոս Երկուշաբթի, Օգոստոս 5ին, 250 միլիոն տոլարով գնեց «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը՝ պնդելով, թէ լաւատես է անոր ապագայով:
Նաեւ, անցնող շաբաթավերջին, «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը յայտարարեց, թէ համաձայնութիւն գոյացուցած է «Պոսթըն Կլոպ» թերթը պէյսպոլի «Ռետ Սաքս» եւ ֆութպոլի «Լիվըրփուլ» ակումբներու սեփականատէր Ճոն Հենրիին ծախել 70 միլիոն տոլարով: Յատկանշական է, որ «Նիւ Եորք Թայմզ»ը 1993ին «Պոսթըն Կլոպ»ը գնած էր 1.1 միլիառ տոլարով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.