ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Կենտրոն համայնքին մէջ՝ Գլխաւոր պողոտայի մերձակայքը բնակիչները կը խոչընդոտեն նոր բարձրայարկանի շէնքի շինարարութիւնը: Արդէն 5 օր է դադրած են շինարարական աշխատանքները:
Անոյշ Մկրտչեան կը գրէ. «Բնակիչները պնդում են, որ շինարարութիւնը վնասում է իրենց բնակարանները, վտանգ է ներկայացնում բակում խաղացող երեխաներին համար, եւ իրենք պատրաստւում են բողոքով դիմել Երեւանի աւագանուն՝ թէեւ «Ազատութիւն» ռադիօկայանի հետ զրոյցում ասացին նաեւ, որ իրենց նախկին դիմումներն անպատասխան են մնացել»:
Շէնքը կը կառուցէ «Ֆլեշ» ընկերութիւնը, որ կը պատկանի նշանաւոր գործարար Բարսեղ Բեգլարեանին: Ընկերութեան տնօրէն Եաշա Խաչատրեանը «Ազատութիւն» կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատած է, որ կառուցապատումը կը կատարուի օրէնքի սահմաններուն մէջ։ Ան աւելցուցած է, որ արդէն շօշափելի ներդրում կատարած են, նաեւ գումարներ յատկացուցած են տարածքի մէջ նախապէս գտնուած տուներուն բնակիչներուն։
Խաչատրեան չափազանցուած կը նկատէ բնակիչներու բողոքները՝ պնդելով. «Օրինական բոլոր փաստաթղթերն ունենք»:
Բողոքող բնակիչները, միւս կողմէ, համոզուած են, որ օրինականութիւնը «փողով է գնուել»:
«Ֆլեշ» ընկերութեան սեփականատէր Բարսեղ Բեգլարեանը «Ազատութիւն» կայանին յայտնած է, որ, թէպէտ ամէն ինչ օրինական է, բայց եւ այնպէս իրենք չեն ուզեր ոստիկաններու միջամտութեամբ շարունակել շինարարական աշխատանքները:
«Ուզում ենք իրենց (բնակիչներին) համոզել, որ սա արդէն կառավարութեան ծրագիր է», յայտնած է Եաշա Խաչատրեանը:
Բայց եւ այնպէս բողոքողները հաստատած են, որ պիտի շարունակեն իրենց պայքարը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.