
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Ազատ Գասպարեանը «Նայիրի» բժշկական կեդրոնի վերակենդանացման բաժանմունքը կը գտնուի։ Այս մասին տեղեկացուցած է «qahana.am» կայքէջի «Դիմատետր»ի պաշտօնական էջը, որ դիտել տուած է, թէ Շահէ քահանայ Հայրապետեանը Յուլիս 31ին Սուրբ հաղորդութիւն տուած է Գասպարեանին եւ աղօթած՝ անոր ապաքինման համար:
Լրատուամիջոցներուն կողմէ Յուլիսի սկիզբը կրկին տեղեկութիւն շրջան կ՛ընէր, թէ Գասպարեանը բժշկական քննութեան ենթարկուելու նպատակով հիւանդանոց փոխադրուած է:
Ազատ Գասպարեան շարժապատկերի եւ թատրոնի նշանաւոր դերասան է, պետական մրցանակի դափնեկիր, Եւրոպայի բնական գիտութիւններու ակադեմիոյ անդամ: