ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 25 Յուլիսի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի շրջափակին մէջ կառուցման ընթացքին մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան թանգարանը։ Վեհափառ հայրապետին ընկերացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճարտարապետներու յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն Յակոբ Շամլեան, Յակոբ Աթէշեան, Վահէ Գալինճեան եւ Վազգէն Չէքիճեան։ Ներկայ էին նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարանի երկու ճարտարապետները՝ Ռաֆֆի եւ Վիգէն Թարխանեանները։
Վեհափառը ճարտարապետներու ընկերակցութեամբ շրջելէ ետք շինարարութեան ընթացքին մէջ գտնուող թանգարանը, խորհրդակցական հանդիպում ունեցաւ իրենց հետ։ Ամբողջ Սփիւռքի մէջ իր տեսակին մէջ եզակի թանգարան մը պիտի ըլլայ յիշեալ նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ հոն շեշտը պիտի դրուի հայ որբերու վրայ։
Յայտնենք, որ շուրջ երկու շաբաթներ առաջ Թանգարանի յանձնախումբը յայտարարութիւն մը կատարած էր, կոչ ուղղելով որ «Թռչնոց Բոյն»ի եւ կամ այլ որբանոցներու որբերէն մնացած առարկաներ յանձնուին յիշեալ թանգարանին, ստորեւ կու տանք այդ յայտարարութիւնը.
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
ԹԱՆԳԱՐԱՆ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»ԻՆ ՄԷՋ
Նախաձեռնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ վայրապետին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով «Թռչնոց Բոյն»ին մէջ կը կառուցուի Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերու յիշատակը անմահացնող թանգարան մը: Թանգարանին կառուցումը պիտի աւարտի 2015 թուականին: Իր բնոյթով ու նպատակով եզակի նախաձեռնութիւն մըն է յիշեալ ծրագիրը:
Արդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, յատկապէս «Թռչնոց Բոյն»ի նախկին սաներուն, որ եթէ ունին իրեղէններ կամ գրութիւններ, տրամադրեն զանոնք թանգարանին: Այդ իրերը կրնան ըլլալ՝ որբերուն գործածած գրենական պիտոյքները, անոնց անհատական կամ խմբային լուսանկարները, որբին՝ գիրքերը, տետրակները, օրագիր, յուշատետր, երգարան, արուեստի գործեր՝ ձեռագործներ, ասեղնագործ, գորգ, որբանոցային տարազներ կամ անձնական հագուստներ, քարտեր, բացիկներ, նամակներ, գործիքներ եւ այլն:
Անոնք, որոնք վերոյիշեալ առարկաները ունին իրենց տրամադրութեան տակ եւ կամ ունին իւրայատուկ պատմութիւններ՝ կապուած «Թռչնոց Բոյն»ին եւ կը փափաքին արձանագրուած տեսնել զանոնք պատմութեան մէջ, թող հաճին կապուիլ «Թռչնոց Բոյն»ի տնօրէնութեան հետ, ամէն օր ժամը 9:00էն 17:00: Իսկ անոնք, որոնք կապ կամ ծանօթութիւն ունին «Թռչնոց Բոյն»ի նախկին սաներուն հետ, թող հաճին տեղեակ պահել «Թռչնոց Բոյն»ի տնօրէնութիւնը եւ փոխանցել ենթակային անունն ու մականունը, հեռաձայնի թիւը, հասցէն, կամ ելեկտրոնային հասցէն, որպէսզի տնօրէնութիւնը կապ հաստատէ անոնց հետ:
Որքան հարուստ ու հարազատ ըլլան թանգարանին մէջ ցուցադրուած իրերը, այնքան նպաստած կ՛ըլլանք Ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին եւ կը յաւերժացնենք յիշատակը մեր հայրերունուանոնց անցած ճանապարհին:
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի
ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Tel: (+961-9) 540 867
Fax: (+961-9) 540027
Email: armbirds@cyberia.net.lb