ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շուրջ մէկ տասնեակ այլ պետութիւններու ղեկավարներու հետ 4 Օգոստոսին պիտի մասնակցի Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռոհանիի երդմնակալութեան արարողութեան: Այդ մասին «Ֆարս» լրատուական գործակալութեան յայտնած է Իրանի խորհրդարանի արարողակարգի բաժինի ղեկավար Մոհամատ Եասրեպին:
Բայց եւ այնպէս նշուած է, որ նախագահներուն վերջնական ցանկը պիտի յստականայ քանի մը օրէն։ Միւս կողմէ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմը Իրանի նախագահի երդմնակալութեան արարողութեան Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեան վերաբերեալ ցարդ պաշտօնական հաղորդագրութիւն չեն հրապարակած:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.