
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Կրօնական ժողովի ու Ազգային վարչութեան խառն ժողովը կը յայտարարեն, թէ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան նշանակուած է Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ եւ իր ծառայութիւնները պիտի մատուցէ հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեանի հետ։
Հայր սուրբը իր նոր առաքելութեան պիտի սկսի Օգոստոս 1ին։ Ան իր ժամանակացոյցին ներած չափով պիտի շարունակէ ծառայութիւն մատուցել նաեւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ, որուն հոգեւոր մատակարարն էր շուրջ չորս տարիէ ի վեր։