
Երկու Շաբաթ առաջ, «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեան հարցազրոյց մը հրատարակեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Ա. Յովսէփեանի հետ:
Այսօր, թարգմանաբար, ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք այս հարցազրոյցին մէկ բաժինը, ուր դոկտ. Յովսէփեան կը պատասխանէ «ՀՅԴ այս օրերուն ի՞նչ մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնէ ինքզինք՝ շրջանային եւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ» հարցումին.
ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ.
Մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրներու շարքի թուարկումը կրնայ շատ երկար ըլլալ. մենք ամէն օր կը դիմագրաւենք գործնական, աշխատանքային, տնտեսական մարտահրաւէրներ:
Այսուհանդերձ, ես կը հաւատամ, որ մեզի, ինչպէս եւ մեզի նման վեհ նպատակներ հետապնդող որեւէ կազմակերպութեան համար, ամէնէն մեծ մարտահրաւէրը մեր գաղափարախօսութեանն ու յայտարարած նպատակներու կամրջումն է մեր գործունէութեան արդիւնքներուն եւ առօրեայ աշխատանքներուն հետ: Մարդիկ պէտք է համոզուին, որ մեր խօսքն ու գործը իրարու կը համապատասխանեն: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը միշտ ալ եղած է յառաջդիմական գաղափարներու դրօշակակիրը, եւ պատմականօրէն, այդ գաղափարներու իրականացման ճամբուն վրայ ՀՅԴն նուաճումներ արձանագրած է: Ես համարձակօրէն կրնամ հաստատել, որ հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը բաժնէ Դաշնակցութեան հետապնդած երազը, գաղափարները, եւ կը հաւատայ անոր առաքելութեան: Այսօրուան մարտահրաւէրը մեր ժողովուրդին նուաճումներ պարգեւելու մեր աւանդոյթին արժանի մնալն է: Ազգային մեր իրականութեան քայքայումը տեղ չի թողուր անպտուղ քննարկումներու ու խօսակցութեանց: Դաշնակցութիւնը թէ՛ բարեկամներու եւ թէ թշնամիներու կողմէ միշտ ալ նկատուած է մեր ազգային առաջնահերթութիւններու արթուն պահապանն ու պաշտպանը: Մենք պարտինք արժանի ըլլալ մեր կոչումին: Եթէ (մեր ժողովուրդի իրաւունքներու-Խմբ.) պահապանը իր պատմական դերը չկատարէ, ապա այդ ազգային շահերն ու ազգին առջեւ ծառացած հրամայականները խնդրոյ առարկայ կը դառնան: Հետեւաբար՝ ի՛նչ դժուարին պայմաններու մէջ ալ գտնէ ինքզինք, Դաշնակցութիւնը ի վերջոյ պարտաւոր է կանգնիլ առաջատար իր դիրքին վրայ. եւ կը կանգնի՛: