ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».– Գիւմրիի «Հոկտեմբեր» շարժապատկերի սրահին մէջ 28 Յուլիսին կայացաւ «Լիզբոնի իմ ընկերներ» խորագիրը կրող ձեռնարկը, որ նուիրուած էր Լիզպոնի հինգ տղոց նահատակութեան 30ամեակին: Տեղի ունեցաւ «Լիզբոնի իմ ընկերները» գիրքի շնորհահանդէսը: «Գրքի ստեղծման գաղափարը պատանի տարիքից է իմ մէջ արթնացել, բայց պահը հասունացել էր՝ ամէն անգամ հանդէս էինք գալիս մոմավառութեամբ եւ երիտասարդական ակցիաներով, բայց հիմա մտածեցի ստեղծել գիրք, որ մնայուն լինի: Այս գիրքը պէտք է ուղեցոյց լինի գալիք սերունդներին, որ հնարաւորինս վառ պահենք այս կրակը», նշեց գիրքի հեղինակ Արա Նախշքարեանը:
Այս տարի Լիզպոնի 30ամեակը հասարակական աւելի ընդարձակ հնչեղութիւն ստացաւ: «Սակայն ասիկա եւս այն չէ, ինչ որ պէտք է ըլլայ: Անհրաժեշտ է պետական մօտեցում եւ գիտակցութիւն ցուցաբերուի, որպէսզի յստակ ըլլայ, թէ այս տղոց արարքը ինքնազոհութիւն է եւ ոչ այլ բան», ձեռնարկին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Պատանեկան միութեան վարիչ Սիմոն Գաֆալեանը:
«Կ՛ակնկալուէր, որ նման աշխուժութիւն աւելի կանուխ դրսեւորուէր, որպէսզի ջանք ի գործ դրուի ժողովուրդին պատմութիւնը ներկայացնելու, բայց դեռ երկար ճամբայ կայ անցնելիք, կը սպասենք պետական մակարդակի աշխուժութեան: Ցաւօք, այսօր շատերը կա՛մ չեն գիտեր զինեալ պայքարի մասին, կա՛մ գիտեն աղաւաղուած ձեւով՝ զանոնք շփոթելով ԱՍԱԼԱի հետ», յայտնեց Լիզպոնի նահատակներէն Սիմոն Եահնէեանի եղբայրը՝ Զարեհ Եահնէեանը:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ «Հայկազունք» գուսանական համոյթը, առաջին անգամ ըլլալով հնչեց նաեւ Գուսան Հայկազունի «Լիզպոնի քաջեր» երգը: Ցուցադրուեցաւ հնգեակին գործողութեան մասին տեսաերիզ մը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.