
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաուն Քալիֆորնիոյ համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի հոգաբարձութեան անդամ նշանակած է Լա Քրեսենթայէն Դալար Ալեքսանեանը:
20ամեայ Ալեքսանեան նոյն համալսարանին մէջ ուսանող մըն է ու կը մասնագիտանայ լրագրութեան ու հանրային յարաբերութեանց ճիւղին մէջ: Ան այս տարի ընտրուած էր նաեւ նոյն համալսարանի ուսանողական մարմինի փոխնախագահ, եւ տարբեր հանգամանքներով համալսարանի ուսանողութեան ներկայացուցիչ ընտրուած է իր ուսանողական տարիներուն ընթացքին:
Դալար Ալեքսանեան 2010ին Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի գրասենեակին մէջ ամբողջացուցած է վարժողական ծրագիր մը: Նոյն տարին, ան նաեւ մասնակցած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրին՝ ստանձնելով հանրային յարաբերութեանց եւ լրատուական բաժանմունքին առնչուող պատասխանատուութիւններ: Ան անդամ է Համալսարանական ուսանողներու ազգային ընկերակցութեան, Ղեկավարման եւ յաջողութեան ազգային ընկերակցութեան, ինչպէս նաեւ՝ Ամերիկայի հանրային յարաբերութեանց ուսանողներու ընկերակցութեան:
Դալար Ալեքսանեանի նշանակումը պէտք չունի վաւերացուելու նահանգային Ծերակոյտին կողմէ, իսկ անոր վարձատրութիւնը օրական 100 տոլար է: