«ԱԶԱՏ ՕՐ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
Վերջին երեք տարիներուն Յունաստանի մէջ եւ բոլոր յոյներուն հետ մեր գաղութին ապրած տնտեսական տագնապը նոր իրականութեան մը առջեւ բերած է մեզ բոլորս՝ յոյն քաղաքացիի եւ հայ անհատի մեր զոյգ ինքնութիւններուն մէջ:
Մեր ապրած նոր իրականութիւնը այլափոխած է յունական ընկերութիւնը, մարդկային արժէքները, մեր մտածումները, նոյնիսկ մեր առաջնահերթութիւնները… Յունական ընկերութիւնը, որուն անքակտելի բաղադրիչն է յունահայ գաղութը, ստիպուած եղած է դիմադրելու ամէն օր իր առջեւ ներկայացող նոր մարտահրաւէրի մը՝ սղաճի, հարկերու եւ տուրքերու կրկնապատկումի, գործատեղիներու կրճատումի, պաշտօնեաներու գործէ արձակումի, գործազրկութեան համատարած երեւոյթներու (մանաւանդ երիտասարդութեան եւ կամ 50է վեր մարդոց մօտ), աշխատանքային պայմաններու չարաշահումի, հիասթափութեան, յուսալքումի…
Անցնող երեք տարուան ընթացքին, որպէս երկիր եւ ընկերութիւն, դիմագրաւեցինք յատկապէս բացարձակ անապահովութեան զգացումը, որ ռումբի պէս մեր առջեւ կը պայթեցնէր նոր ու աւերիչ երեւոյթներ, անձնասպանութեան դէպքերը աճեցնելով կամ երկրէն փախուստի դիմելու զօրաւոր փափաքը շատերու մօտ իրականութիւն դարձնելով:
Անապահովութի՛ւն, որ ապագայի հեռանկարներու որեւէ յոյս չէր ձգեր, նոյնիսկ գիտակցելով հանդերձ, թէ այլանդակուած այս ընկերութեան մէջ, վերստին կը սկսէին կեանք առնելու անցեալի աւելի անկեղծ ու անմեղ ժամանակներու՝ համերաշխութեան եւ մարդասիրութեան սկզբունքները:
Բայց եթէ նոյնիսկ սկսան վերակենդանանալու նման զգացումներ, համաշխարհային լուսանցքին մղուած այս ժողովուրդը չի դադրիր լարուած ռումբ մը ըլլալէ հասարակութեան հիմերուն մէջ, որ անձնատուր չէ եղած, այլ՝ լուռ կ՛եռայ մինչեւ բռնկումի պահը:
Մեր պարագային, ծանօթ են որպէս գաղութ մեր կրած հետեւանքները տնտեսական ճնշիչ վիճակէն, որ վարձքերէ, վճարումներէ, տուրքերու յաւելումներէ ստեղծուած կացութեամբ խորապէս ազդեց ազգային-գաղութային մեր կեանքին վրայ՝ խոցելով մեր բոլոր հաստատութիւնները: Կարելի չէր անմասն մնալ ընդհանուր այս վիճակէն, ոչ միայն որպէս հայկական հաւաքականութիւն, այլ նաեւ որպէս հայ անհատներ: Սուտ պիտի ըլլար ըսել, թէ մեր կեանքն ու ապրելակերպը փոփոխութիւններ չկրեցին: Ոեւէ մէկը անմասն չմնաց այս կացութենէն եւ կտրուկ դժուարացան մեր կեանքի պայմանները:
Անկասկած, կ՛ապրինք անցումային շրջան մը: Չենք գիտեր, թէ որքան կրնայ տեւել. կարճ թէ երկար, դժուար թէ համեմատաբար դիւրին՝ պարտաւոր ենք դիմագրաւելու այս կացութիւնը: Յոյսը միայն չի բաւեր, ոչ ալ անհիմն լաւատեսութիւնը: Հայկական մեր հաւաքականութեան մէջ բոլորս պատասխանատուութիւն ունինք մեր գաղութային գործունէութիւնը պահպանելու ջանքին մէջ:
Զիրար գօտեպնդելով, իրարու քաջալեր հանդիսանալով՝ պէտք է ի մի բերենք մեր բոլորին ուժերը: Ասոր վառ ապացոյցն էր դպրոցներուն ի նպաստ կատարուած հանգանակութիւնը: Յաջողութեամբ դիմագրաւեցինք վտանգը՝ գիտակցելով, թէ հայեցի կազմաւորման որեւէ գործօն մեր զոհաբերութեամբ կրնայինք զերծ պահել տագնապի ազդեցութենէն:
Վտանգը սակայն չէ հեռացած. ո՛չ դպրոցներուն, ո՛չ մեր հաստատութիւններուն համար: Այս պատճառով է, որ պէտք է զգաստ մնալ, կրկնապատկել ջանքերը, սեղմել մեր համախմբուածութիւնը, աւելի ամուր կառչիլ մեր գաղութի պահպանման ճիգին:
Մարտահրաւէրներուն ընդառաջ՝ աւելի զօրաւոր ու աւելի կազմակերպուած դուրս գալու հաստատ համոզումով: