ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Նոր Մոսկուա»ի մէջ ինքնաշարժի մեծ արկածի առնչութեամբ մեղադրուող Հրաչեայ Յարութիւնեանին շահերը պատրաստ է պաշտպանելու Մոսկուայի ամէնէն նշանաւոր փաստաբաններէն մէկը՝ Ռուբէն Մարգարեանը: Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Կարէն Անդրէասեան՝ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։ «Յարութիւնեանն ունէր երեք փաստաբան, որոնց ընտրութիւնը մի քիչ յանկարծակի էր ստացուել եւ առաջին իսկ աշխատանքային քննարկման ժամանակ ես յայտնեցի իմ անհանգստութիւնը եւ մասնագիտական առաջարկութիւններ արեցի, որից յետոյ զրուցել եմ Ռուսաստանում հայերի միութեան ղեկավար Արա Աբրահամեանի եւ Ռուսաստանում Հայաստանի դեսպանի հետ», նշած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանը:
Ան նաեւ յայտարարած է, որ այսպիսով Յարութիւնեանի փաստաբաններուն խումբը աւելի կուռ կը դառնայ: Կարէն Անդրէասեանի համաձայն, Արա Աբրահամեանը եւ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը խոստացած են ապահովել ֆինանսական միջոցները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.